Հայաստանէն Օգնութեան Առաջին Խմբաքանակը Արդէն Պէյրութ Հասած Է

Աշխարհ, Հայաստան

Հայաստանէն օգնութեան առաջին խմբաքանակը արդէն հասած է Պէյրութ։ Այս մասին Twitter-ի էջին վրայ գրած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան։

«Հայաստանի կողմէ եղբայրական Լիբանանին տրամադրուելիք օգնութեան երեք խմբաքանակներէն առաջինը արդէն հասած է Պէյրութ։ Հայաստանէն Պէյրութին` ի խորոց սրտի»,- նշած է ՀՀ արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը։