Հայ Ազգային Եւ Եկեղեցական Կառոյցներու Համախմբուած Գործողութիւնները Զօրեղ Աջակցութիւն Պիտի Ըլլան՝ Յաղթահարելու Այս Ճգնաժամը

Հայաստան, Սփիւռք

ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան նամակ յղած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ին կը յայտնեն նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն։

«Ցնցուած եմ ու խոր ցաւ կ՝ապրիմ բարեկամ Լիբանանին, Լիբանանի եղբայրական ժողովուրդին ու լիբանանահայ մեր հայրենակիցներուն պատուհասած այս մեծագոյն դժբախտութեան լուրով»,- մասնաւորապէս նշուած է նախագահի նամակին մէջ,- «Պէյրութը առաջին անգամը չէ, որ կ՝առնչուի արտակարգ իրավիճակի, պիտի յաղթահարուի նաեւ այս մէկ փորձութիւնը: Հայ ազգային կառոյցներու համախմբումն ու միակամ գործողութիւնները նոյնպես զօրեղ աջակցութիւն պիտի ըլլան մարդկային ու պետական այս ճգնաժամը յաղթահարելու համար»:

Նախագահ Սարգսեան իր զօրակցութիւնը յայտնած է Վեհափառին, Մայրավանքի հոգեւոր դասի բոլոր ներկայացուցիչներուն, ազգային ու եկեղեցական գործիչներուն, բոլոր լիբանանահայերուն:

Յիշեցնենք, որ Նախագահ Արմէն Սարգսեան Պէյրութի մէջ ստեղծուած իրավիճակը եւ լիբանանահայութեան հետ կապուած խնդիրները քննարկած է նաեւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) նախագահ Պերճ Սեդրակեանի եւ ՀՅԴ բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեանի հետ հեռախօսազրոյցներու ընթացքին: