Պէյրութի Պայթումին Հետեւանքով Նաեւ Անթիլիասի Կաթողիկոսարանը Կրեց Նիւթական Վնասներ

Սփիւռք

Օգոստոս 4-ի յետ միջօրէին Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ պատահած հսկայ պայթումին հետեւանքով՝ Անթիլիասի Մայրավանքը եւս կրեց նիւթական մեծ վնասներ: Այսպէս, վնասուեցան Մայր Տաճարի դռները, ջահերը եւ պատուհանները, նոյնպէս՝ Վեհարանը, հայագիտական եւ մանկավարժական կեդրոնները, ինչպէս նաեւ «Կիլիկիա» թանգարանը: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ին կը յայտնեն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութենէն։

ANTILIAS
ANTILIAS1
ANTILIAS1