Բողոքի Ցոյցեր՝ Նիւ Եորքի Եւ Պոսթընի Մէջ

Սփիւռք

 «Հայրենիք»․- Շաբաթավերջը բեղուն եղաւ ամերիկահայ երիտասարդութեան համար, որ ցոյցեր կազմակերպեց Հայաստանի հիւսիս-արեւելեան սահմանագիծի (յատկապէս Տաւուշ)  հայկական դիրքերուն եւ բնակավայրերուն վրայ  Ատրպէյճանի կատարած յարձակումներուն դէմ բողոքելով:

Արդարեւ, Նիւ Եորքի մէջ, Ուրբաթ օր, ատրպէյճանցի եւ թուրք ցուցարարներ անակնկալ հաւաք մը կազմակերպած էին ՄԱԿի մէջ Հայաստանի դեսպանատան մուտքին: Անոնց դէմ յանդիման եկաւ նիւեորքահայութիւնը՝ պաշտպանելով կառոյցը եւ ետ մղելով խուժան ցուցարարները: Ոստիկանութիւնն ալ վրայ հասնելով, կրցաւ տէր դառնալ կացութեան:

Կիրակի օր, Նիւ Եորք-Նիւ Ճըրզիի հայութիւնը խաղաղ ցոյց մը կազմակերպեց ՄԱԿի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատան մուտքին: Մօտաւորապէս երկու ժամ տեւողութեամբ այս հաւաքին մասնակցեցան շուրջ 250 ցուցարարներ: Ներկայ էին պատանիներ, երիտասարդներ եւ նոյնիսկ տարեցներ, ինչպէս նաեւ յոյներ, որոնք իրենց զօրակցութիւնը բերին խաղաղ այս ցոյցին: Աւարտին, «Կիլիկիա» խմբերգով, ցուցարարները հեռացան Ատրպէյճանի դեսպանատունէն:

Միւս կողմէն, Պոսթընի «Հարվըրտ» (Քէյմպրիճ, Մեսեչուսեց) համալսարանի մուտքին, 22 Յուլիսին ՀԵՄի «Նժդեհ» մասնաճիւղի անդամներ խաղաղ ցոյց մը կազմակերպեցին՝ իրենց անվերապահ աջակցութիւնը յայտնելով հայոց բանակին, հայ զինուորին եւ սահմանային շրջաններու անմեղ բնակչութեան։

Իսկ 25 Յուլիսին, Խանասորի արշաւանքին հետքերով, նոյն շրջանին մէջ երիտասարդականները, իրենց կողքին ունենալով նաեւ շրջանի ՀՄԸՄականներ, կազմակերպեցին հաւաք մը՝ կատարելով շուրջպար  եւ ազգային հայրենասիրական երգեր:

Անոնք իրենց բողոքի ձայնը բարձրացուցին ատրպէյճանական բանակին հետզհետէ կրկնուող սադրանքին դէմ: Նաեւ ցուցարարները տեղւոյն հանրութեան ուշադրութեան յանձնեցին Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններուն դէմ Ատրպէյճանի եւ անոր զինակից Թուրքիոյ ռազմատենչ քաղաքականութիւնը:

Այս երկու հաւաքներուն ալ ներկայ էին ատրպէյճանցի ցուցարարներ, որոնք փորձեցին աղաւաղել եւ ձախողութեան մատնել հաւաքները, սակայն ձախողեցան: