Սալոնիկի Բողոքի Ցոյցէն Ետք Թուրքիոյ ՊՆ-ը Սպառնացած է Կոտրել Իրենց Դրօշը Վառողներուն Ձեռքերը

Աշխարհ


24 Յուլիսին տեղի ունեցած ուրբաթօրեայ աղօթքով (նամազ) Ս․ Սոֆիա տաճարին որպէս մզկիթ վերաբացուելուն առիթով Յունաստանի Սալոնիկ քաղաքին մէջ բողոքի ցոյց տեղի ունեցած է: Ցոյցին մասնակիցները 2 անգամ Թուրքիոյ դրօշը այրած են, որուն խիստ սպառնալիքով արձագանգած է Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ “Էրմէնիհապեր”-ը։


«Twitter»-ի պաշտօնական էջով տարածած յայտարարութեան մէջ Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը դատապարտած է յոյն ցուցարարներուն գործողութիւնները եւ սպառնացած է կոտրել թրքական դրօշը այրողներուն ձեռքերը:


«Պիտի կոտրուին դէպի մեր պանծալի դրօշը երկարող ձեռքերը», նշուած է Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:
Նշենք, որ Սալոնիկի մէջ կազմակերպուած ցոյցը սկսած է Թուրքիոյ դրօշի հրկիզումով, ապա մասնակիցները քայլերթ կատարած են դէպի Թուրքիոյ հիւպատոսարան: Յունական ոստիկանութիւնը, ապահովութեան նկատառումներէն մեկնելով, թոյլ չէ տուած շարժումի մասնակիցներուն շատ մօտենալ թրքական հիւպատոսութեան շէնքին: «Ո՛չ նէօ-օսմանիզմին» պաստառ պարզած ցուցարարները անգամ մը եւս թրքական դրօշ այրած են այդ երկրի դիւանագիտական ներկայացուցչութեան յարակից տարածքին մէջ: