Հայկական 17 Գերեզմանատուներ Գրանցուած Են Իրանի Ազգային Յուշարձաններու Ցանկին Մէջ

Աշխարհ, Սփիւռք

Իրանի Չհարմահալ եւ Բախտիարի նահանգին մէջ գնտուող, երբեմնի հայահոծ Չհարմահալ գաւառի 17 գիւղերու հայկական գերեզմանատուներ ներառուած են Իրանի ազգային ժառանգութեան ցուցակին մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ալիք»-ը՝ վկայակոչելով նահանգի Մշակութային ժառանգութեան եւ զբօսաշրջութեան հարցերով ղեկավար Մեհրդադ Ջաւադին կողմէ IRIBNEWS.IR-ին փոխանցուած տեղեկութիւնը։

Ընդգծելով երկրի հոգեւոր, ազգային ու մշակութային ժառանգութեան պահպանման կարեւորութեան հարցերը՝ Մեհրդադ Ջաւադին, մասնաւորապէս, շեշտադրած է Չհարմահալ եւ Բախտիարիում գտնուող հայկական գերեզմանատուներու պատշաճ պահպանման, այդ տարածքներու կանաչապատման, լուսաւորութեան ապահովման, ճանապարհներու վերանորոգման անհրաժեշտութեան խնդիրները: