Հոգեհանգիստ՝ Լիզպոնի Հինգ Հերոսներու Նահատակութեան 37-րդ Տարելիցին Առիթով

Սփիւռք

Երկուշաբթի, 27 Յուլիսին, 37-րդ տարելիցն է Հայ Դատի պայքարին ճամբուն վրայ իրենց կեանքերը նուիրաբերած Լիզպոնի հինգ հերոսներուն՝ Սիմոն Եահնէեանի, Վաչէ Տաղլեանի, Սարգիս Աբրահամեանի, Արա Գրճըլեանի եւ Սեդրակ Աճէմեանի նահատակութեան:

Արեւմտեան թեմիս առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի տնօրինումով՝ Կիրակի, 26 Յուլիսին, թեմիս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի Լիզպոնի Հինգին հոգիներուն խաղաղութան համար։

Առաջնորդ սրբազանը պիտի հանդիսապետէ Հոլիվուտի Ս. Կարապետ մայր եկեղեցւոյ Ս. պատարագին եւ պիտի ուղղէ իր պատգամը, իսկ առաջնորդական փոխանորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան պիտի հանդիսապետէ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Ս. պատարագին եւ պիտի ուղղէ իր պատգամը։