Լոս Անճելըսի Մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Հիւպատոսարանին Յայտարարութիւնը՝ Գռուզեան-Զաքարեան Վարժարանին Դէմ Վանտալութեան Արարքին Վերաբերեալ

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոսարանը խոր մտահոգութիւն կը յայտնէ 23 Յուլիսին, Սան Ֆրանսիսքոյի Գռուզեան-Զաքարաեան վարժարանին եւ անոր կից գտնուող Հայ կեդրոնին դէմ կատարուած վանտալութեան արարքին վերաբերեալ: Ատրպեճանական արտայայտութիւններով «կրաֆիթի»ներ թողած են շէնքի արտաքին պատերուն վրայ:

Կրթական հաստատութեան մը դէմ վանտալութեան այս արարքը ցոյց կու տայ, թէ Քալիֆորնիոյ Հայ համայնքը զոհն է Ատելութեան յանցագործութեան մը, որ յստակօրէն կազմակերպուած է ատրպէյճանցիներու կողմէ:

Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի ընդհանրուր հիւպատոսութիւնը խստօրէն կը դատապարտէ վանտալութեան եւ ատելութեան յանցագործութեան արտայայտութիւն հանդիսացող այս արարքը կրթական հաստատութեան եւ ծովածոցի շրջանի հայ համայնքին դէմ:

Հայաստանի ընդհանուր հիւապատոսութիւնը յոյս կը յայտնէ, որ իրաւապահ մարմինները պէտք եղած հետաքննութիւնը պիտի կատարեն եւ բացայայտեն ու պատժեն յանցագործները:

Հայաստանի ընդհանուր հիւպատոսութիւնը յատուկ կերպով կ՛ընդգծէ Սան Ֆրանսիսքոյի շրջանի դատախազ Չեսա Պուտինի անմիջական հակադարձութիւնը՝ «թուիթըր»ի վրայ զայրոյթ յայտնելով կատարուած արարքին կապակցութեամբ:

«Անհատ մը վանտալութիւն գործած է հայկական դպրոցին եւ կեդրոնին դէմ: Խիստ զայրացած եմ: Ասիկա բոլուովին անհաշտ է Սան Ֆրանսիսքոյ արժէքներուն հետ: Միաժամանակ ասիկա ՈՃՐԱԳՈՐԾՈՒԹԻՆ է: Կ՛աշխատինք Սան Ֆրանսիսքոյի ոստիկանական բաժանմունքին հետ հետաքննութեան վերաբերեալ: Զօրավիգ կը կանգնինք մեր հայ եղբայրներուն եւ քոյրերուն»: