Հայաստանի Մէջ Թոքերու Օդափոխութեան 493 Սարք Կայ․ Ձեռք Բերուած Են Չինաստանէն եւ Զուիցերիայէն

Հայաստան

Հայաստանի մէջ Յուլիս 20-ի դրութեամբ թոքերու արհեստական օդափոխութեան 493 սարք կայ, PanARMENIAN.Net-ին տեղեկացուցած են Առողջապահութեան նախարարութենէն:

2020-ի ընթացքին ձեռք բերուած արհեստական օդափոխութեան սարքերը Չինաստանի եւ Զուիցերիոյ արտադրութեան են:

Նախարարութենէն յայտնած են նաեւ, որ այս տարի ռուսական արտադրութեան ԹԱՕ սարքեր չեն գնած:

Հայաստանի մէջ Յուլիս 24-ի դրութեամբ «Քորոնա»-ով վարակուած դէպքերը հասած են 36,613-ի: Ընդհանուր առմամբ, ժահրէն մահացած է 692 հոգի, այլ պատճառով` 218, ապաքինուած է եւս 490 մարդ, առողջացածներուն ընդհանուր թիւը 25,734 է, փաստացի բուժուողներունը՝ 9969: