Հայաստանի Վարչապետը ՄԱԿ-ի Գլխաւոր Քարտուղարին Հետ Քննարկած է Սահմանային Լարուածութիւնը
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց ունեցած է ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի հետ` վերջինիս նախաձեռնութեամբ:
Վարչապետ Փաշինեան ընդգծած է, որ Հայաստան բարձր կը գնահատէ Հարաւային Կովկասի խաղաղութեան եւ անվտանգութեան նկատմամբ Գլխաւոր քարտուղարին կողմէ ցուցաբերուող շարունակական ուշադրութիւնը: ՀՀ վարչապետը ներկայացուցած է Ազրպէյճանի կողմէ հայ-ազրպէյճանական սահմանի ուղղութեամբ ձեռնարկուած սադրանքներու պատճառով ստեղծուած լարուած իրադրութիւնը` ընդգծելով, որ այդ գործողութիւնները ձեռնարկուած են հակառակ Գլխաւոր քարտուղարին` համավարակի ժամանակ համաշխարհային զինադադար յայտարարելու վերաբերեալ կոչին:
«Կը հաւաստիացնեմ ձեզ, որ Հայաստան ըրած է հնարաւոր ամէն բան` ռազմական գործողութիւններուն վերջ տալու եւ իրավիճակի լարուածութիւնը նուազեցնելու համար»,- նշած է Փաշինեան:
Անդրադառնալով Ազրպէյճանի կողմէ մարտական գործողութիւնները դադրեցնելու վերաբերեալ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու խախտումներուն` վարչապետը աւելցուցած է, որ այս շրջանին ականատես կ՛ըլլանք Ազրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան իրարամերժ յայտարարութիւններուն եւ գործողութիւններուն:
«Մենք կը հասկնանք, որ Ատրպէյճանի մէջ ներքին ծանր իրավիճակ է: Բայց մենք չենք կրնար դառնալ նախագահ Ալիեւի ստեղծած ծուղակի պատանդը: Տարիներ շարունակ հայերու նկատմամբ սփռած ատելութիւնն ու պատերազմի սպառնալիքը ստեղծած էին ռազմական գերազանցութեան պատրանք, որ այժմ յօդս կը ցնդի: Մենք վստահ չենք` արդեօք Ազրպէյճանի ղեկավարութիւնը ունի զինադադարը պահպանելու եւ սադրիչ հռետորաբանութիւնը կանխելու կարողութիւն կամ ցանկութիւն»,- ըսած է ան:
Ան վերահաստատած է խաղաղ կարգաւորման Հայաստանի յանձնառութիւնը ` ընդգծելով, որ ստեղծուած իրավիճակին մէջ խիստ կարեւոր է ԵԱՀԿ հսկողութեան կարողութիւններու ընդլայնումը եւ տուեալ հարցին շուրջ գոյութիւն ունեցող պայմանաւորուածութիւններու իրականացումը:
«Անհրաժեշտ է, որպէսզի Ազտրպէյճանի իշխանութիւնները հանրայնօրէն մերժեն ուժի կամ ուժի սպառնալիքի կիրառումը: Ազրպէյճանի ղեկավարութիւնը պէտք է ընդունի, որ խաղաղ բանակցութիւնները չունին այլընտրանք»,- ըսած է ՀՀ առաջնորդը:
ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարը մտահոգութիւն յայտնած է տարածաշրջանին մէջ ստեղծուած լարուած իրավիճակով` ընդգծելով լարուածութեան թուլացման ուղղութեամբ անյապաղ քայլերու ձեռնարկման կարեւորութիւնը, ներառեալ` հրադադարի ամրապնդման ուղղուած պայմանաւորուածութիւններու իրականացման միջոցով:
Անթօնիօ Կութիերես վերահաստատած է իր աջակցութիւնը ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահութեան: