Երեւանի Մէջ Ցուցադրուեցան ԶՈւ Կողմէ Վերջին Օրերուն Խոցուած Ատրպէյճանական ԱԹՍ- ները

Այլեւայլ, Հայաստան

ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան Մարշալ Արմենակ Խանփերեանցի անուան ռազմական թռիչքներու համալսարանին մէջ, ցուցադրուեցին վերջին օրերուն հայ-ատրպէյճանական սահմանին ՀՀ զինուած ուժերուն խոցած ատրպէյճանական անօդաչու թռչող սարքերը:

ԵՌԱԳՈՅՆ-ը Armenpress.am-էն կը տեղեկանայ, որ ՀՕՊ զօրքերու վարչութեան շտաբի պետ, ՀՕՊ զօրքերու պետի տեղակալ գնդապետ Գարիկ Մովսէսեան լրագրողներու հետ զրոյցին ընթացքին նշած է, թէ Զինուած ուժերու ծառայողները հնարաւորութիւն պիտի ունենան ուսումնասիրելու ատրպէյճանական ԱԹՍ-ները, որոնց մեծ մասը իսրայէլական արտադրութիւն ունին:

«Մեր Զինուած ուժերը հայ-ատրպէյճանական սահմանին խոցած են ատրպէյճանական 10 միաւոր հարուածային, 1 ռազմավարական եւ 3 հետախուզական նշանակութեան անօդաչու թռչող սարքեր»,- ըսած է Մովսէսեան:

ՀՕՊ զօրքերու վարչութեան շտաբի պետ գնդապետ Գարիկ Մովսէսեան եւս մէկ անգամ հաստատած է, որ ատրպէյճանական կողմը հայկական որեւէ անօդաչու թռչող սարք չէ խոցած:

Լուսանկարները՝ Հայկ Մանուկեանի