Ուքրանիոյ Հայկական Եկեղեցիներուն Մէջ Պատարագ Մատուցուած Է Ատրպէյճանի Հետ Սահմանին Զոհերու Յիշատակին

Հայաստան, Սփիւռք

Ուքրանիոյ հայկական եկեղեցիներուն մէջ պատարագ մատուցուած է Ատրպէյճանի հետ սահմանին զոհուածներու յիշատակին։ Ըստ Armenpress.am-ի՝ այս մասին կը հաղորդէ AnalitikaUA.net-ը։

Լրատուամիջոցին հետ զրոյցին ընթացքին՝ հայր Կարապետ Ղարիբեան յայտնած է, թէ Ուքրանիոյ բոլոր հայկական եկեղեցիներուն մէջ, ժամը 11:00-ին պատարագ մատուցուած է Ատրպէյճանի հետ սահմանին զոհուածներու յիշատակին։ Քիիեւի մէջ աղօթքը մատուցուած է Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ։

Յիշեցնենք, որ Ատրպէյճանի հետ անցեալ շաբաթ սահմանին տեղի ունեցած յարձակումներուն ժամանակ զոհուած է 4 հայ զինծառայող: