«Մենք Ամուր Ենք Մեր Լեռների Պէս»․ Զինուորները Տեսաուղերձով Կը Դիմեն Հայ Ժողովուրդին

Այլեւայլ, Հայաստան

Առաջնագիծի վրայ գտնուող զինծառայողները տեսաուղերձով դիմած են հայ ժողովուրդին՝ կոչ ընելով անհոգ ըլլալ եւ զբաղիլ առօրեայ գործերով։ Տեսանիւթը իր Facebook-ի էջին տեղադրած է Ճգնաժամային տեղեկատուական կեդրոնի պաշտօնական ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան:

Զինծառայողներէն մէկը կը նշէ, որ իրենք առաջնագիծի վրայ են եւ կը կատարեն իրենց առջեւ դրուած մարտական խնդիրը։

«Մենք ամուր ենք մեր լեռների պէս»,- կը բացականչեն տղաքը։