Մենք Պէտք Է Ամրացնենք Մեր Բազուկներն Ու Ոտքերը Եւ Ամուր Կանգնինք Այս Հողի Վրայ. ՀՀ Վարչապետ

Հայաստան

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոնին մէջ երէկ մասնակցած է հայ-ազրպէյճանական սահմանագօտիի հիւսիսարեւելեան հատուածին մէջ  թշնամիին արձակած կրակէն զոհուած հազարապետ Գարուշ Համբարձումեանի յուղարկաւորութեան արարողութեան:  «Արմէնփրես»-ի համաձայն, Հայաստանի վարչապետը այս մասին գրառում կատարած է Դիմատետրի իր էջին վրայ:

«Եռաբլուր» զինուորական պանթէոնին մէջ տեղի կ՛ունենայ հայ-ազրպէյճանական սահմանագօտիի հիւսիսարեւելեան հատուածին մէջ թշնամիի արձակած կրակէն զոհուած հազարապետ Գարուշ Համբարձումեանի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը:

Յաւերժ փառք մեր բոլոր նահատակուած հերոսներուն», գրած է վարչապետը:

Վարչապետ Փաշինեան ելոյթ ունեցաւ` նշելով, որ  հայրենիք-պետութիւն ունենալը պատասխանատուութիւն է, պատասխանատուութիւն, որ ինկած է ժողովուրդին, հանրութեան ուսերուն: «Ընդհանրական այս պատասխանատուութիւնը, սակայն, կրնայ դառնալ անպատասխանատուութիւն, եթէ մենք անիկա ձգենք միայն ժողովուրդ-հանրութիւն հաւաքական հասկացութիւններու մէջ ցրուած, եթէ ի վիճակի չըլլանք այդ պատասխանատուութիւնը բաղդատել յստակ ու հասցէական դարձնել ժողովուրդ կամ հանրութիւն հաւաքականութիւնը ձեւաւորող անհատներու  միջեւ, մեզմէ իւրաքանչիւրին միջեւ:

Ինչո՞ւ այսօր այստեղ հաւաքուած ենք, եւ ի՞նչ կապ ունի մեր այսօր այստեղ գտնուիլը իմ նշած պատասխանատուութեան հետ: Մենք այստեղ հաւաքուած ենք ազդարարելու, որ Հայաստանի զինուած ուժերու հազարապետը, Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի Գարուշ Համբարձումեանը, Հայաստանի զինուած ուժերու քափիթեն, Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի Սօս Էլբակեանը, Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու տասնապետ, Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի Սմբատ Գաբրիէլեանը, Հայաստանի զինուած ուժերու տասնապետ, Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի Գրիշա Մաթեւոսեանը լիարժէք եւ անմնացորդ կրեցին հայրենիք-պետութիւն ունենալու իրենց բաժին պատասխանատուութիւնը: Անոնք հայրենիք-պետութեան զոհասեղանին դրին իրենց կեանքը: Ու ո՛չ միայն իրենց, այլեւ իրենց ընտանիքներու  անդամներուն, իրենց հարազատներուն կեանքը», ըսաւ վարչապետը:

Վարչապետը աւելցուց, որ նահատակները կրեցին իրենց պատասխանատուութիւնը Աստուծոյ եւ հայրենիք-պետութեան, մեր ժողովուրդին ու պատմութեան, մեր նահատակներուն ու սերունդներուն, Եռաբլուրի ու Ծիծեռնակաբերդի դիմաց: «Եւ ասիկա մեր` ապրողներուս պատասխանատուութեան ժամն է, մեր հաւաքական եւ մեզմէ իւրաքանչիւրի պատասխանատուութեան ժամը: Մենք պէտք է ամուր կանգնինք այս հողին վրայ, այնքան ու այնպէս ամուր, ինչպէս այս պահուն Տաւուշի հողին ամուր կանգնած են մեր հերոս եղբայրները, որոնք այսօր մարտի դաշտին վրայ, հայրենի հողը պաշտպանելով, կը խօսին Սարդարապատի հերոսներու, արցախեան ազատամարտի հերոսներու, ապրիլեան պատերազմի հերոսներու անունով եւ հպարտութիւն ու վստահութիւն կը ներշնչեն բոլորիս», ըսած է վարչապետը` եզրափակելով նահատակ զինուորներուն եւ անոնց ընտանիքներուն դիմաց իր խոնարհումը յայտնելով: