ՀՄԸՄ-ի Ալմելոյի Մասնաճիւղի Նոր Կեդրոնին Հիմնարկէքը

Սփիւռք

Շաբաթ, 11 յուլիսը յիշատակելի օր մը եղաւ Ալմելոյի եւ Նետերլանտներու (Հոլանտայի) հայութեան համար, որովհետեւ այդ օր ձեւ ու մարմին ստացաւ շրջանի ՀՄԸՄ-ի մասնաճիւղին տարիներու երազը` նոր կեդրոն մը ունենալու ծրագիրը:

11 յուլիսի կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին կատարուեցաւ մասնաճիւղի նոր կեդրոնին հիմնարկէքը` ներկայութեամբ քաղաքի հոգեւոր հօր` Մաշտոց քհնյ. Պաղտասարեանի, Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոս Դաւիթ Միրզախանեանի, ՀՅԴ «Արամ Մանուկեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ Նուպար Վարդանեանի, ՀՕՄ-ի, ՀՅԴ երիտասարդականի եւ պատանեկանի անդամներու, ՀԲԸՄ-ի ներկայացուցիչներու, ՀՄԸՄ-ի Ալքմարի եւ Առնհեմի վարչականներու եւ ՀՄԸՄ-ի շրջանի սկաուտներու, մարզիկներու եւ անդամներու:

«Մեր հայրենիք» քայլերգին կատարումէն ետք, ներկաները ողջունեց մասնաճիւղի ատենապետ Մինաս Արսէնեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց մասնաճիւղին անցնող տարիներու ազգանուէր եւ ՀՄԸՄ-ասէր վարչական կազմերուն եւ անդամներուն, որոնք ճիգ չխնայեցին երազը իրականութիւն դարձնելու:

Արսէնեան ըսաւ, որ այսօր կը մեկնարկէ ծրագիր մը, որ 24 տարի առաջ ծնունդ առաւ մասնաճիւղին հիմնադրութեամբ: Ծրագիրը հասունցաւ 6-7 տարի առաջ, երբ որոշուեցաւ մասնաճիւղը օժտել սեփական կեդրոնով: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք ջանք, աշխատանք ու քրտինք չխնայեցին եւ տեւաբար կանգնեցան մասնաճիւղին կողքին: Ան մասնաւոր շնորհակալութիւն եւ երախտագիտութիւն յայտնեց ՀՅԴ «Արամ Մանուկեան» կոմիտէին, որուն ջանքերով հիմնուեցաւ ՀՄԸՄ-ի Ալմելոյի մասնաճիւղը: Կոմիտէն 24 տարի լաւ եւ դժուար պահերուն կանգնեցաւ մասնաճիւղին կողքին եւ 6-7 տարի առաջ որդեգրեց այս ծրագիրին հովանաւորութիւնը` ներդրելով իր բոլոր կարելիութիւնները, որպէսզի ծրագիրը իրականանայ եւ իր աւարտին հասնի: «Շնորհակալութիւն բոլոր բարերարներուն եւ նուիրատուներուն: Մասնաւոր շնորհակալութիւն ծրագիրին իրագործման մէջ յատուկ ներդրում ունեցող Ալմելոյի հայ առաքելական եկեղեցիին` ի դէմս իր հոգեւոր հայրերուն եւ վարչութեան», նշեց Արսէնեան:

Ապա, ատենապետ Մինաս Արսէնեան կարդաց այս առիթով ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան յղած շնորհաւորագիրը` տրուած ըլլալով, որ «Քորոնա»-ի համաճարակին պատճառով ճամբորդութիւնը եւ անձամբ ներկայութիւնը անկարելի դարձած էր Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչներուն համար:

Շնորհաւորագիրը կը հաստատէր, որ «տնտեսական ներկայ դժուարին օրերուն եւ մանաւանդ «Քորոնա» ժահրի արտասովոր պայմաններուն մէջ, նոր կեդրոն շինել կը նշանակէ նոր յոյս ներշնչել, նոր ուղի ցոյց տալ մեր ժողովուրդին: Նոր կեդրոն շինել կը նշանակէ նաեւ նոր փաստ տալ ՀՄԸՄ-ական մարդու աշխատասէր, շինարար եւ չյուսահատող կերպարին. ան, որ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, միշտ կը ձգտի լաւին ու լաւագոյնին, որպէսզի կարենայ առաւելագոյն չափով ծառայել իր նպատակին` նոր սերունդներու դաստիարակութեան գործին»:

Շնորհաւորագիրը նաեւ կը նշէր. «Երբ այս կեդրոնին հիմնարկէքը կը կատարէք, յիշեցէ՛ք, որ դուք անոր հիմերուն մէջ կը դնէք կտոր մը հաւատք մեր միութեան հիմնադիրներէն, բաժին մը նուիրում մեր միութեան վաստակաւորներէն եւ ափ մը քրտինք մեր բազմահազար անդամներու աշխատանքներէն»:

Այնուհետեւ, կեդրոնին ունենալիք դերին եւ կարեւորութեան անդրադառնալով, շնորհաւորագիրը նկատել կու տար, որ «այս կեդրոնը միութենական եւ ժողովական բոլոր յարմարութիւններով օժտուած տուն մը պիտի ըլլայ շրջանի ՀՄԸՄ-ին համար: Տուն մը, ուր բոլորը պիտի ապրին եւ գործեն հարազատ մէկ ընտանիքի նման` կամաւոր աշխատանքի, զոհաբերութեան եւ իրերօգնութեան սկզբունքներով»: Ան նաեւ կ’աւելցնէր, որ «այս կեդրոնը միայն ՀՄԸՄ-ի տունը պիտի չըլլայ: ՀՄԸՄ-ը զինք ծնող ժողովուրդին հարազատ զաւակն է: Հետեւաբար, այս տունը պիտի ըլլայ նաեւ ու մանաւա՛նդ ժողովուրդին տունը, որ պիտի լեցուի բոլորին շունչով եւ ամէնուն ներկայութեամբ: Այլապէս, ի՞նչ արժէք ունի գեղեցիկ ակումբ ունենալ, եթէ ան պարապ պիտի մնայ: Ի՞նչ օգուտ ունի սեփական ակումբ ունենալ, եթէ սեփականութեան զգացումով տէրը պիտի չկանգնինք անոր: Նաեւ, ի՞նչ իմաստ ունի այդքա՜ն զոհողութիւն եւ նիւթական յանձնառութիւն, եթէ մեր ներկայութեամբ եւ գործունէութեամբ պիտի չարժեւորենք զայն»:

Շնորհաւորագիրը կը շեշտէր, որ «այս կեդրոնը, ինչպէս միութեան աշխարհասփիւռ բոլոր կեդրոնները, կոչուած է ըլլալու սովորականէն տարբեր հաւաքավայր մը: Այստեղ ջամբուելիք դաստիարակութիւնը պիտի ըլլայ ՀՄԸՄ-ական: Այստեղ տրուելիք կրթութիւնը պիտի ըլլայ ազգային: Այստեղ փոխանցուելիք շունչը պիտի ըլլայ հայրենասիրական: Հետեւաբար, հոս յաճախողները պիտի ըլլան յատուկ նկարագիրի եւ դիմագիծի տէր միութենականներ, որոնք անպայման պիտի տարբերին ուրիշներէ: Պիտի տարբերին միութենական իրենց կազմաւորումով, իրենց խօսքով ու գործով: ՀՄԸՄ-ականը չի կրնար սովորական մարդոց պէս ըլլալ: Եթէ ըլլայ` ՀՄԸՄ-ակա՛ն չ’ըլլար»:

Եզրափակելով, շնորհաւորագիրը կը շնորհաւորէր իր հիմնադրութեան 25-ամեակին պատրաստուող Ալմելոյի շրջանը եւ այս հսկայ ու պատասխանատու գործը ղեկավարող մասնաճիւղին վարչութիւնը: Ան նաեւ գնահատանքի իր խօսքը կը փոխանցէր կեդրոնի շինութեան իրենց մասնակցութիւնը բերող բոլոր բարերարներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք որեւէ ձեւով իրենց օժանդակութիւնը չեն զլանար աշխատանքներու արագ եւ յաջող ընթացքին ապահովման համար»:

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան շնորհաւորագիրին ընթերցումէն ետք, Մաշտոց քհնյ. Պաղտասարեան Ալմելոյի ծխական խորհուրդին անունով շնորհաւորեց ներկաները այս գեղեցիկ օրուան համար: Ան ըսաւ, որ 24 տարի առաջ մասնաճիւղը հիմնողները այսօրուան տեսիլքը ունէին: Տեսիլքով էր, որ 24 տարի առաջ, աւելի նուազ հայութեամբ հիմնուեցաւ այս մասնաճիւղը եւ հիմա, վստահաբար, դարձեա՛լ տեսիլք պիտի ունենանք, որպէսզի Կեդրոնական վարչութեան շնորհաւորագիրին բառերով այս կեդրոնը դատարկ չմնայ, այսօրուան փոքրիկներուն զաւակներն ու թոռները ապագային օգտուին անկէ, եւ կեդրոնը շրջանի հայութեան համար ունենայ արդիւնաւէտ գործունէութիւն:

Իր խօսքէն ետք, Մաշտոց քահանայ «Տէրունական» աղօթքով եւ յատուկ շարականներով օրհնեց նոր կառուցուելիք կեդրոնին հիմնաքարերը, հողն ու շինարարութիւնը:

Այս առիթով հոլանտերէն կարճ խօսք մը արտասանեց Մասիս Պօղոսեան, որմէ ետք վարչութեան ատենապետ Մինաս Արսէնեան «ի նշան սուրբ գործին նոր սերունդին փոխանցման»` մասնաճիւղին կրտսերագոյն մոկլիին հետ կատարեց կեդրոնի առաջին հիմնաքարին տեղադրումը: Մնացեալ չորս հիմնաքարերը զետեղեցին եւ իրենց սրտի խօսքերը ուղղեցին կեդրոնի շինարարական վարչութեան կողմէ Փայլակ Աւետիսեան, ՀՅԴ «Արամ Մանուկեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ Նուպար Վարդանեան, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ վարչութեան ներկայացուցիչ Օննիկ Կէլիճի (Աւետիսեան) եւ Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոս Դաւիթ Միրզախանեան:

Հիմնարկէքի հանդիսութիւնը փակուեցաւ ՀՄԸՄ-ի «Յառաջ նահատակ» քայլերգով: