Ատրպէյճանական ԶՈւ-ն Կը Հրետանակոծէ Քաղաքացիական Բնակավայրերը. ՄԻՊ

Այլեւայլ, Հայաստան

Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմը ներկայացուցած է Տաւուշի մարզի Բերդ, Այգեպար, Ներքին Կարմիրաղբիւր, Չինարի, Նորաշէն քաղաքացիական  բնակավայրերու մէջ Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեանի փաստահաւաք աշխատանքներու լուսանկարները:

Մարդու իրաւունքերու պաշտպանի աշխատակազմի հանրային կապերու բաժինէն կը յայտնեն, որ բացառապէս իրաւապաշտպան սկզբունքներով առաջնային աղբիւրէ ձեռք բերուած հաւաստի տուեալները, փաստահաւաք աշխատանքներու եւ անհրաժեշտ ուսումնասիրութիւններու արդիւնքները պիտի ուղարկուին ինչպէս միջազգային կառոյցներուն, այնպէս ալ ՀՀ համապատասխան պետական ու հասարակական իրաւապաշտպան կառոյցներուն: