Արցախա-ատրպէյճանական Սահմանագիծին Վրայ Վիճակը Հանգիստ Է. ՊԲ-ն Կը Վերահսկէ Հակառակորդին Բոլոր Տեղաշարժերը. Վահրամ Պօղոսեան

Հայաստան

Արցախա-ատրպէյճանական սահմանագիծին վրայ վիճակը հանգիստ է։ Այս մասին, Aysor.am-ի թղթակիցին հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մամուլի խօսնակ Վահրամ Պօղոսեան։

«Ե՛ւ գիշերը, ե՛ւ այս պահուն սահմանին հանգիստ է։ Ընդհանուր առմամբ, իրավիճակը ամբողջութեամբ մեր զինուորներու վերահսկողութեան տակ է։ Հաշուի առնելով Տաւուշի սահմանային գօտիին վրայ տեղի ունեցող գործողութիւնները՝ պաշտպանութեան բանակը կը գործադրէ լրացուցիչ միջոցներ, որպէսզի հակառակորդին ոչ միայն առաջնագիծի, այլ նաեւ խորքին մէջ բոլոր տեղաշարժերը վերահսկողութեան տակ պահէ»,- հաղորդած է Վահրամ Պօղոսեան։