ԱՄՆ Քոնկրէսականները Իրենց Զօրակցութիւնը Յայտնած Են Հայաստանին ու Հայ Ժողովուրդին

Աշխարհ, Հայաստան

ԱՄՆ Քոնկրէսի հայկական հարցերու յանձնախումբի համանախագահ Ֆրենք Փըլոն եւ Ծերակուտական Էդուարդ Մարքին նոյնպէս իրենց զօրակցութիւնը յայտնած են Հայաստանին եւ հայ ժողովուրդին` դատապարտելով Ատրպէյճանի բախում հրահրող սադրիչ գործողութիւնները:

«Ատրպէյճան հերթական անգամ կը փորձէ պատերազմ սկսիլ Հայաստանի հետ: Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի ու Արցախի դէմ մշտապէս թէժ հռետորաբանութիւն կիրառելը եւս մէկ բախում հրահրելու համաձայնեցուած ջանքերու մաս է»,- «Արմենփրես»-ի հաղորդմամբ` «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ գրած է ֆրենք Փըլոն:

Էդուարդ Մարքին նոյնպէս «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ կատարած գրառմամբ աջակցութիւն յայտնած է Հայաստանին:

«Ես կանգնած եմ Հայաստանի կողքին, քանի որ ան կը պաշտպանէ իր տարածքային ամբողջականութիւնը: Ատրպէյճանն ու Թուրքիան պէտք է յարգեն հայ-ատրպէյճանական սահմանը, պէտք է յարգեն Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին ձգտումները եւ պէտք է անմիջապէս վերջ տան ընդհարումին»,-նշած է ան:

Քոնկրէսական Ատըմ Շիֆ մտահոգութիւն յայտնած հայ-ատրպէյճանական սահմանին Տաւուշի ուղղութեամբ Ատրպէյճանի սադրիչ եւ ապակայունացնող գործողութիւններու առնչութեամբ: «Արմենփրես»-ի փոխանցմամբ` այս մասին Շիֆ գրած է «ֆէյսպուք»-ի իր էջին վրայ:

«Ես շատ մտահոգուած եմ վերջին օրերուն հայկական սահմանի երկայնքով Ատրպէյճանի սադրիչ եւ ապակայունացնող գործողութիւններով, ներառեալ հայ զինուորներու գնդակոծումը: Այս գործողութիւնները կը վտանգեն զինուորներու եւ քաղաքացիներու կեանքը եւ կը մեծցնեն հակամարտութեան բարձրացող վտանգը, որ կրնայ կործանարար հետեւանքներ ունենալ տարածաշրջանի համար, յատկապէս համաշխարհային համավարակի տարածման ընթացքին»,- գրած է Շիֆ:

Քոնկրէսականը նշած է, որ այդ գործողութիւնները պէտք է դիտարկել նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի նկատմամբ Ատրպէյճանի հետեւողականօրէն ռազմատենչ հռետորաբանութեան եւ անոնց սահմաններու միջազգային մշտադիտարկում թոյլ չտալու պարունակին մէջ: 

«Ես կոչ կ՛ընեմ ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարարութեան կողմերուն պարզաբանել զսպուածութեան եւ դիւանագիտութեան, ինչպէս նաեւ լարուածութեան թուլացման անհրաժեշտութիւնը»,- նշած է Քոնկրէսականը: