ՀՀ ԱԳՆ-ն Խստօրէն Կը Դատապարտէ Ատրպէյճանի Կողմէ Գիւղական Բնակչութեան Յանցաւոր Թիրախաւորումը

Աշխարհ, Հայաստան

ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութիւնը խստօրէն կը դատապարտէ Ատրպէյճանի կողմէ Տաւուշի մարզի Չինարի եւ Այգեպար գիւղերու քաղաքացիական ենթակառուցուածքներու եւ բնակչութեան յանցաւոր թիրախաւորումը, որակելով զայն միջազգային մարդասիրական իրաւունքի բացայայտ խախտում: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ ԱԳՆ մամուլի խօսնակ Աննա Նաղդալեանի Facebook-ի էջէն:

«Խստօրէն կը դատապարտենք Ատրպէյճանի շարունակական փորձերը պահպանելու լարուածութիւնը հայ-ատրպէյճանական սահմանի հիւսիս-արեւելեան ուղղութեամբ եւ այդ նպատակով Տաւուշի մարզի Չինարի եւ Այգեպար գիւղերու քաղաքացիական ենթակառուցուածքներու եւ բնակչութեան յանցաւոր թիրախաւորումը, որ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի բացայայտ խախտում է»,- գրած է Նաղդալեան:

Մամուլի խօսնակը նաեւ նշած է, որ Ատրպէյճանը պէտք է անվերապահօրէն դադրեցնէ նմանօրինակ գործողութիւնները եւ ձեռնարկէ անհրաժեշտ քայլեր՝ կանխելու յետագայ լարուածութիւնը, որուն հետեւանքներուն համար կը կրէ ողջ պատասխանատւութիւնը: