ԵԱՀԿ ՄԽ Համանախագահները Դատապարտած Են Հայ-ատրպէյճանական Սահմանին Հրադադարի Վերջին Խախտումները

Աշխարհ, Հայաստան

ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները կը դատապարտեն հայ-ատրպէյճանական սահմանին հրադադարի վերջին խախտումները: Այս մասին ըսուած է համանախագահներուն տարածած հաղորդագրութեան մէջ:

«Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւններու, ինչպէս նաեւ այլ աղբիւրներու հաղորդագրութիւններուն համաձայն, Յուլիս 12-13 հայ-ատրպէյճանական սահմանին տեղի ունեցած է հրադադարի լուրջ խախտում, որուն հետեւանքով զոհուած են մարդիկ: Կը հաղորդուի, որ երկու կողմերն ալ օգտագործած են տարբեր տրամաչափի հրետանի։ Համանախագահները եւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Գասպրշիկը կը ցաւին մարդոց մահուան համար եւ իրենց ցաւակցութիւնը կը յայտնեն զոհուածներու եւ վիրաւորներու ընտանիքներուն: Համանախագահները ուղիղ կապի մէջ են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի պաշտօնատար անձերուն հետ՝ միջադէպի առաջին վայրկեաններէն»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Համանախագահները կը նշեն, որ կողմերը զիրար մեղադրած են ռազմական գործողութիւններ սանձազերծելու մէջ։

«Մինսկի խումբի համանախագահները կը դատապարտեն հրադադարի վերջին խախտումները եւ կոչ կ՝ընեն կողմերուն ձեռնարկելու բոլոր անհրաժեշտ միջոցները հակամարտութեան յետագայ յարձակումը կանխելու համար, ինչպէս նաեւ՝ անոնց միջեւ գոյութիւն ունեցող ուղիղ կապի ուղիներու օգտագործումով: Մինսկի խումբի համանախագահները նաեւ կողմերուն կոչ կ՝ընեն հնարաւորինս արագ վերսկսելու առարկայական բանակցութիւնները եւ կարեւոր կը համարեն ԵԱՀԿ դիտորդներու վերադարձը տարածաշրջան, երբ թոյլ տան հանգամանքները»,- նշուած է ԵԱՀԿ ՄԽ համանախագահներուն տարածած հաղորդագրութեան մէջ: