Դաւիթ Տօնոյեան Խօսած Է Ըստ Անհրաժեշտութեան՝ Նոր Բարենպաստ Դիրքեր Զբաղցնելու Մասին

Աշխարհ, Հայաստան

ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան մշտական կապի մէջ է ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ, դեսպան Անճէյ Գասպրչիկի հետ։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ ՀՀ ՊՆ մամուլի խօսնակ Շուշան Ստեփանեանի Facebook-ի էջին կատարուած գրառումէն։

«Վերջին զրոյցին ընթացքին՝ պաշտպանութեան նախարարը տեղեկացուցած է, որ հայկական բանակային զօրամիաւորման անձնակազմն ու հրամանատարութիւնը հրահանգ ստածած են դեռ պահպանելու զսպուածութիւն, իսկ հակառակորդի` ՀՀ սահմաններուն ուղղութեամբ սադրանքներու պարագային` արձագանգելու ըստ անհրաժեշտութեան` ընդհուպ մինչեւ նոր բարենպաստ դիրքերու զբաղեցում»։