Հակահայկականութիւնն Ալիեւի Իշխանութեան Պաշտպանութեան Վերջին Գիծն Է.ԱԳՆ Խօսնակ

Հայաստան

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Աննա Նաղտալեան մեկնաբանեց Ատրպէյճանի նախագահին՝ Խաթայի շրջանին մէջ կատարած յայտարարութիւնները, որոնք, ի շարս այլ հարցերու, կը վերաբերին նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսկի խումբի համանախագահութեան վերաբերող քննադատութեան։

«Այս հարցով իմ գործընկերները արդէն իսկ հանդէս եկած են մեկնաբանութեամբ: Պարզապէս կը ցանկամ աւելցնել, որ քանի մը շաբաթ առաջ Հայաստանի մէջ “քորոնա” ժահրի տարածման առնչութեամբ չարախնդող նախագահ Ալիեւ այսօր մեկուսացման մէջ գտնուող իր հասարակութեան դիմելու այլ խօսքեր չունի, քան «օգտակար թշնամու» կերպարի առաջբերումը:

«Հակահայկականութիւնը Ալիեւի իշխանութեան պաշտպանութեան վերջին գիծն է, եւ ատոր ետեւ թաքնուիլը լաւագոյնս կը բնութագրէ Ատրպէճանի մէջ զարգացող ներքին ճգնաժամը եւ յուսահատ տրամադրութիւնները: Զաւեշտալի է, որ Հայաստանի ներքին քաղաքական զարգացումներու, մարդու իրաւունքներու եւ ազատութիւններու մասին գնահատականներ կու տայ
ղեկավարը երկրի մը, ուր քաղաքական եւ տնտեսական իշխանութիւնը տասնամեակներ շարունակ կը գտնուի մէկ ընտանիքի ձեռքը, որ միջազգային ասպարէզի մէջ կը բնորոշուի որպէս ճնշող ռեժիմ: Յատկանշական է, որ նախագահ Ալիեւ իր թշնամական եւ ցեղապաշտական մեկնաբանութիւններով անպատասխանատու վերաբերմունք եւ արհամարհանք կը դրսեւորէ նախ եւ առաջ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի համանախագահներու կողմէ մէկ շաբաթ առաջ կատաևուած յայտարարութեան հանդէպ, որ կը պարունակէր մտահոգութիւն թշնամական եւ սադրիչ հռետորաբանութեան առնչութեամբ:

«Ինչպէս Հայաստանի եւ Արցախի Անվտանգութեան խորհուրդներու վերջերս կայացած համատեղ նիստին ընթացքին յայտարարած էր վարչապետ Փաշինեան, «ղարաբաղեան հակամարտութիւնը անժամկէտ հայ-ատրպէյճանական լայնածաւալ թշնամութեան վերածելու փորձերը, որ մեր ժողովուրդները կը վիճարկեն ամէն ինչ՝ անցեալը, ներկան, ապագան եւ ողջ տարածաշրջանը, վստահ եմ՝ չի բխիր ո՛չ հայ, ո՛չ ալ ատրպէյճանցի ժողովուրդի շահերէն», յայտնեց Նաղտալեան։