ՀՅԴ Գերագոյն Մարմինի Ուղերձը` Սահմանադրութեան Օրուան Առիթով

Հայաստան, Սփիւռք

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան օրուան առիթով հրապարակած է ուղերձ մը, որուն մէջ կը հաստատէ Դաշնակցութեան վճռական յանձնառութիւնը` համազգային համախմբումով երկիրը վերադարձնելու սահմանադրականութեան եւ բնականոն զարգացման ազգային-պետական ուղեգիծին:

Ստորեւ` ուղերձին ամբողջութիւնը:

«Բացառիկ է Սահմանադրութեան դերն ու նշանակութիւնը` համերաշխ հասարակութիւն, ինքնիշխան, ժողովրդավար, ընկերային եւ իրաւական պետութիւն կերտելու գործին մէջ:

Սակայն Սահմանադրութեան առկայութիւնը ինքնին չի կրնար երաշխիք ըլլալ, երբ անիկա չ՝արժեւորուիր, երբ, շահարկելով ժողովուրդին անունը, Սահմանադրութիւնը կը մեկնաբանուի եւ կը կիրառուի նեղ անձնական ու քաղաքական շահախնդրութեամբ` անտեսելով հանրային եւ ազգային-պետական շահը:

Ցաւօք, տեւական ժամանակ է, օրուան քաղաքական իշխանութիւնը կը ցուցաբերէ այս իսկ վարքագիծը` պառակտելով հասարակութիւնը, կազմալուծելով սահմանադրական հաստատութիւնները, տկարացնելով պետութեան դիմադրողականութիւնը, ձեւաւորելով անվստահութիւն ապագայի հանդէպ` ստեղծելով նոր մարտահրաւէրներ ու սպառնալիքներ:

Տօնական այս օրով վճռականօրէն կը հաստատենք Դաշնակցութեան յանձնառութիւնը` համազգային համախմբումով երկիրը վերադարձնելու սահմանադրականութեան եւ բնականոն զարգացման ազգային-պետական ուղեգիծ»: