ԱԱՏՄ-ն Անվտանգութեան Չափանիշերու Դիտարկում Կ՝իրականացնէ «Զուարթնոց» Օդակայանին Մէջ (լուսանկարներ)

Այլեւայլ, Հայաստան

ՀՀ առողջապահական եւ աշխատանքի տեսչական մարմնի «Զուարթնոց» բժշկական հսկիչ կէտը կը շարունակէ աշխատիլ դասաւորուած կերպով։ Այս մասին
ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ ՀՀ առողջապահական եւ աշխատանքի տեսչական մարմնի տարածած հաղորդագրութեան միջոցով․

«Պելառուսիայէն ու այլ չուերթերով ՀՀ բոլոր եկողները, որոնց մեծ մասը կը ժամանէ ՌԴ-էն, կ՝անցնին պարտադիր ջերմաչափում եւ կասկածելի ախտանշաններու արտաքին զննում, կը ստանան դիմակներ։

Բոլորին տուեալները անմիջապէս կը մուտքագրուին «Արմեդ» ելեկտրոնային համակարգ, որ էապես կ՝արագացնէ տեղեկութիւններու ամբողջական պատկերի ստացումը եւ զանոնք տուեալ անձերու բնակութեան վայրի դարմանատուներուն տրամադրումը։

Երկիր մուտք գործողներուն ԱԱՏՄ հսկիչ կէտի աշխատակիցները նաեւ կը ծանուցեն 14 օրով ինքնամեկուսացման պարտադիր պահանջին մասին։ Բոլորը կը ծանօթանան անոր ու կը ստորագրեն զայն․ առանց ստորագրելու անոնց մուտքը երկիր չի թույլատրուիր։ Տրամադրուող ինքնամեկուսացման թերթիկին վրայ նաեւ ներկայացուած է, թէ այս պահանջին խախտումը ինչ տուգանքներ կ՝ենթադրէ։

ԱԱՏՄ մասնագիտական խումբերը նաեւ կը դիտարկեն «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ պարետի սահմանած անվտանգութեան չափանիշերու կատարումը»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։

ԱԱՏՄ-ն անվտանգության նորմերի դիտարկում է իրականացրել «Զվարթնոց» օդանավակայանումSaveՀամօգտագործել