Հայ Սակրաւորները Սուրիոյ Մէջ Առաքելութեան Ընթացքին Ականազերծած Են 185, 209 քմ Տարածք (լուսանկարներ)

Աշխարհ, Հայաստան

Մարդասիրական ականազերծողներու, բժիշկներու եւ անոնց անմիջական անվտանգութիւնը ապահովող հայ մասնագէտներու 73 հոգիէ կազմուած 5-րդ խումբը, Յունիս 16-ին մեկնած է Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութիւն:

«Հումանիտար ականազերծման եւ փորձագիտական կեդրոն»-էն ԵՌԱԳՈՅՆ-ին կը փոխանցեն, որ Յունիս 19-ին, Հալէպի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Սարգսեան հանդիպած է Հալէպ ժամանած հինգերորդ խումբի հայ մասնագէտներուն եւ յաջողութիւն մաղթած անոնց։

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են աշխատանքային առաքելութեան վերաբերող շարք մը հարցեր: Յունիս 23-ին, Հալէպի մէջ տեղակայուած ռուսական Հակամարտող կողմերու Հաշտեցման կեդրոնի ղեկավար կազմը եւ Հալէպ նահանգի անվտանգութեան կոմիտէի ղեկավարի տեղակալը՝ ճանաչողական այցին ընթացքին՝ այցելած են մարդասիրական խումբին:

Այցին նպատակն էր ծանօթանալ եւ քննարկել խումբի յետագայ գործունէութիւնը եւ համագործակցութեան հիմնական դրոյթները: Յունիս 29-ին, Հալէպի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսութեան մօտ մարդասիրական առաքելութիւն իրականացնող խումբի ներկայացուցիչ Արկադի Տօնոյեան հանդիպում ունեցած է Danish Refugee Council (DRC)-ի ղեկավար Պրենտա Ֆլորսի եւ անոր աշխատակազմին հետ: Հանդիպման ընթացքին DRC-ի ղեկավար կազմին հետ քննարկուած են մարդասիրական խումբի եւ գրասենեակի համագործակցութեան հնարաւոր տարբերակները՝ «Ականներու վտանգի իրազեկման եւ ականներէ տուժածներու աջակցութեան» ծրագրերու վերաբերեալ: Յունիսին, Հալէպի մէջ մարդասիրական առաքելութիւն իրականացանող 5-րդ խումբի սակրաւորները ականազերծած են 2450 քառակուսի մեթր ականապատ տարածք, յայտնաբերած են երեք ՎՕԳ-17 ական, ինչպէս նաեւ՝ ինքնաշէն պայթիւնավտանգ առարկաներ:

«Այսպիսով՝ առաքելութեան առաջին իսկ օրէն ականազերծուած է 185,209 քառակուսի մեթր տարածք, որմէ սուրիական իշխանութիւններուն հաւաստագրերով յանձնուած է 142,000 քառակուսի մեթր տարածք: Հայաստանի մարդասիրական 5-րդ խումբի բժշկական խումբը, համաճարակային սահմանափակումներու պայմաններուն մէջ, բուժօգնութիւն ցուցաբերած է 646 տեղաբնակի: Այսպիսով՝ 2019 թուականի Փետրուարէն մինչեւ այսօր բուժօգնութիւն ցուցաբերուած է 13,772 հիւանդի: Մարդասիրական խումբի մշտական տեղակայման ամբողջ տարածքին կը շարունակուին ամենօրեայ ախտահանման աշխատանքները: Թէեւ Հալէպի մէջ առկայ են համաճարակի հետ կապուած շարք մը սահմանափակումներ եւ դժուարութիւններ՝ մարդասիրական խումբը բարձր մակարդակով կը շարունակէ իր առաքելութիւնը»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։