Արցախեան Նոր Թէյատեսակը Արդէն Կը Վաճառուի

Այլեւայլ

Արցախեան «Նախշուն թէյ» անունով բուսական նոր թէյը կ՛արտադրուի 2020 թուականի Մարտէն, Ասկերանի մէջ:

Ըստ «Արցախփրես»-ի համանուն ընկերութեան հիմնադիր տնօրէն Դաւիթ Գաբրիէլեան ըսած է,  որ թէյարտադրութեամբ զբաղուելու միտքը կառաջացած է քանի մը տարի առաջ, բայց հիմնական աշխատանքները մեկնարկած են նոր տեսանի «Քորոնա» ժահրի տարածման շրջանին:

Անոր խօսքով` թէյի անունի ընտրութիւնը կատարած են ընկերային ցանցի միջոցով քուէարկութեան դնելով երեք տարբերակ` «Արցախ թէյ», «Սաթի թէյ»` նախատատի անունով, որ կը զբաղէր խոտաբոյսերով,  եւ  «Նախշուն  թէյ»:

«Թէյը պատրաստելու համար կ՛օգտագործենք արցախեան եւ հայաստանեան բուսականութեան հիմնական բոյսերը, որոնք կը հաւաքենք  ընտանեօք: Նախապատուութիւնը կու տանք լեռնային եւ նախալեռնային գօտիներու մէջ աճող բոյսերուն: Մենք մինչեւ բոյսերը հաւաքելու փուլը նախ ուսումնասիրած ենք բոլոր խոտաբոյսերու յատկութիւնները: Թէյերը  պատրաստ ըլլալէն ետք քանի մը նմուշ ուղարկած ենք հայաստանեան փորձառու մասնագէտներուն, որոնք ստուգած են անոնց բաղադրութիւնը, բոյսերու համատեղելիութիւնը եւ այլն, որմէ ետք, շտկելով թերութիւնները, զանոնք հանած ենք շուկայ: Բոյսերը կը չորցնենք  յատուկ` ոչ  ելեկտրական չորանոցներու մէջ` այդպիսով պահպանելով բուսատեսակներու օգտակար յատկութիւնները: Ի դէպ, երկու շաբաթ է,  որ թէյերը կը վաճառուին արցախեան շուկային մէջ: Մեր արտադրանքը մնացած բուսական թէյերէն կը տարբերի բաղադրութեամբ. իւրաքանչիւր թէյի համար կ՛օգտագործենք 5-6 տեսակի խոտաբոյսեր, որոնք ունին օգտակար յատկութիւններ: Տուփի մէջ կայ 20 կրամ չոր զանգուած. շուտով  պիտի ունենանք նաեւ մեծ տուփեր` 50կ․ եւ աւելի տարողութեամբ»,-մասնաւորապէս ըսած է Գաբրիէլեան: 

Ան նշած է, որ «Նախշուն թէյ»-ի պահանջարկը երթալով կ՛աճի, իսկ վաճառքը կ՛իրականացուի հիմնականօրէն ընկերային ցանցերու «Նախշուն թէյ» էջի միջոցով: