Բանակը Հերքեց Հայկական Կողմէ Ատրպէյճանական Գիւղի Մը Ուղղութեամբ Կրակ Բանալու Տեղեկութիւնը

Հայաստան

Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը հերքեց ատրպէյճանական Ordu.az կայքի տարածած հաղորդագրութիւնը, ըստ որուն, իբր թէ հայկական ուժերը 60 մմ. տրամաչափի ականանետէ կրակ բացած են Թերթերի շրջանի Ղափանլու գիւղի ուղղութեամբ` թիրախա դառձնելով ցորեն տեղափոխող բեռնատարը: Այս մասին կը տեղեկացնէ Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ։

«Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարում է, որ բանակի առաջապահ ստորաբաժանումները խստիւ հետեւում են հրադադարի պահպանման ռեժիմին, միեւնոյն ժամանակ յորդորում է ադրբեջանական կողմին զերծ մնալ իրավիճակն արհեստականօրէն ապակայունացնելուն միտուած քայլերից, հակառակ դէպքում հետեւանքների համար ողջ պատասխանատուութիւնը կրելու է ադրբեջանական կողմը»,կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ: