Շնորհակալութիւն՝ Փրկուած Կեանքերուն Համար. Համերգ Նուիրուած Բուժաշխատողի Օրուան

Այլեւայլ, Հայաստան

Կամերային երաժշտութեան ազգային կեդրոնը, Յունիս 21-ին` Բուժաշխատողի օրը, պիտի ներկայացնէ առցանց համերգ: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ին կը յայտնեն ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութենէն։

Համերգի ընթացքին պիտի հնչեն հայ եւ արտասահմանեան երաժշտահաններու ստեղծագործութիւններ։ ԿԵԱԿ բոլոր երաժշտախումբերը՝ փոքր կազմերով, երաժշտութեան լեզուով եւ բոլորի անունով երախտագիտութիւն պիտի յայտնեն այս օրերուն բազում կեանքերու համար պայքարող բուժաշխատողներուն: Համերգի ընթացքին պիտի պահպանուին անվտանգութեան եւ հակահամաճարակային բոլոր կանոնները։ Անիկա պիտի իրականացուի Կոմիտասի անուան կամերային երաժշտութեան տան պատշգամբին վրայ, ուր պիտի տեղադրուի յատուկ լուսաւորութիւն։ Համերգը հնարաւոր պիտի ըլլայ դիտել Յունիս 21-ին, ժամը 21։00-ին, ՀՀ ԿԳՄՄ նախարարութեան եւ Կամերային երաժշտութեան ազգային կեդրոնի պաշտօնական Facebook-ի էջերով։

ԿԵԱԿ տնօրէն Նորայր Նազարեան առանձնայատուկ շեշտած է, թէ «քորոնա» ժահր համավարակի պայմաններուն մէջ կը փորձեն այլ կերպ օգտագործել կեդրոնի տարածքները։ Նախապէս այդ տարածքը բազմիցս ցանկացած են օգտագործել, սակայն, այնտեղ կը տեղաւորուի քիչ թիւով հանդիսատես, իսկ այս պարագային՝ հնարաւորութիւն ստեղծուած է համերգ իրականացնելու առանց հանդիսատեսի ներկայութեան։

«Յատկանշական այդ օրը հանդէս պիտի գան Հայաստանի պետական կամերային նուագախումբը, Հայաստանի պետական կամերային երգչախումբը, հնագոյն երաժշտութեան «Տաղարան» խումբը, «Հովեր» պետական կամերային երգչախումբը եւ Երեւանի պետական կամերային երգչախումբը։ Այս քայլով մենք մեր շնորհակալութիւնը կը յայտնենք բոլոր բժիշկներուն, բուժքոյրերուն, շտապօգնութեան անձնակազմերուն, դեղատուներու աշխատակիցներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք հոգ կը տանին մեր առաւել խոցելի բնակչութեան համար: Շնորհակալութիւն անոնց բոլորին ամենօրեայ զոհողութիւններու, նուիրուածութեան ու քաջութեան համար: Շնորհակալութիւն՝ փրկուած կեանքերու համար»,- նշած է Կամերային երաժշտութեան ազգային կեդրոնի տնօրէն Նորայր Նազարեան, որուն նախաձեռնութեամբ ալ իրականութիւն կը դառնայ այս համերգը։