Էրտողանի Գլխաւորութեամբ 5 Ժամ Տեւած Ժողովին ԸՆթացքին Քննարկուած Են Հայկական Լոպպիի Դէմ Իրականացուելիք Քայլերը

Աշխարհ, Սփիւռք

Թուրքիոյ նախագահի աշխատակազմի բարձրագոյն խորհրդատուական մարմինը նիստ գումարած է նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի գլխաւորութեամբ։

Նախագահի աշխատակազմի հանրային կապերու վարչութեան ղեկավար Ֆահրետտին Ալթունը յայտարարութիւն տարածած է 5 ժամ տեւած դռնփակ խորհրդակցութեան վերաբերեալ։ Ալթունը յայտնած է, որ խորհրդակցութեան ընթացքին քննարկուած են այն գործողութիւնները, որոնք պէտք է իրականացուին ընդդէմ «1915-ի դէպքերուն վերաբերեալ Թուրքիոյ նկատմամբ ներկայացուող պնդումներուն»։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Ermenihaber-էն։

«Ժողովի ընթացքին քննարկուած են այն համապարփակ քայլերը, որոնք պիտի  կանխեն հայկական լոպպիի, որ Թուրքիան եւ մեր ազգթը սեւցնելու համար 1915-ի դէպքերը կ՝օգտագործէ իբրեւ գործիք, եւ այս հարցը քաղաքական նպատակով շահարկող երկիրներու՝ իրականութեան հետ կապ չունեցող պնդումներուն վրայ հիմնուած քարոզչութիւնը։ Քննարկուած են նախագիծեր եւ գործողութիւններ, որոնք հնարաւորութիւն պիտի տան հարցի պատմական եւ իրաւական կէտերը փաստերով ներկայացնելու թրքական եւ միջազգային հանրութեան»,- ըսած է Ալթուն։

Յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ նախագահի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցած ժողովին մասնակցած են խորհուրդի անդամներ Իսմայիլ Քահրամանը, Պիւլենթ Արընչը, Ճեմիլ Չիչէքը, Քէօքսալ Թօփթանը, Մեհմեթ Ալի Շահինը, Եըլտըրըմ Աքպուլութը, նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Մեթին Քըրաթլըն եւ նախագահի աշխատակազմի հանրային կապերու վարչութեան ղեկավար Ֆահրեթթին Ալթունը։