Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը

Հայաստան, Սփիւռք

Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեան հանդիպում մը ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Վեհափառ Հայրապետի հետ Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ։ Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեանց առնչուած հարցեր։

Նորին Սրբութիւնը նաեւ հեռաձայն մը ստացաւ Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանին կողմէ։