Այսօր Հայաստանի Հանրապետութեան Դրօշի՝ ԵՌԱԳՈՅՆի Օրն է

Այլեւայլ, Հայաստան

Յունիս 15-ին Հայաստանի մէջ կը նշուի Պետական դրօշի օրը: «Հայաստանի Հանրապետութեան պետական դրօշի մասին» օրէնքը ընդունած է Գերագոյն Խորհուրդը 1990-ի Օգոստոս 24-ին, իսկ 2006-ի Յունիս 15-ին ընդունուած է «ՀՀ դրօշի մասին» նոր օրէնքը:

 Նշենք` ՀՀ դրօշը երկրի պետական խորհրդանիշներէն է. ան եռագոյն է` վերէն վար կարմիր, կապոյտ, նարնջագոյն հորիզոնական հաւասար շերտերով: Կարմիր գոյնը կը խորհրդանշէ Հայկական բարձրաւանդակը, հայ ժողովրդի մշտական պայքարը յարատեւման, քրիստոնէական հաւատքի, Հայաստանի անկախութեան եւ ազատութեան համար:

Կապոյտ գոյնը կը խորհրդանշէ հայ ժողովուրդի ապրելու կամքը խաղաղ երկինքի տակ: Նարնջագոյնը կը խորհրդանշէ հայ ժողովուրդի արարչական տաղանդը եւ աշխատասիրութիւնը: Դրօշի լայնութեան եւ երկարութեան չափերու յարաբերութիւնն է 1:2-ի: