Անթիլիասէն Սփռուող Անսասան Հաւատք Եւ Խիզախ Յոյս

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Շաղիկ Գ. Խ.

Վերջին ամիսները մեր անհատական թէ հաւաքական կեանքերուն մէջ տարօրինակութիւններով լեցուն շրջան մը եղաւ: Ստեղծուած ահազանգային եւ մտահոգիչ կացութիւնը մեզ դէմ յանդիման դրաւ արտասովոր կեանք մը ապրելու պարտադրանքին եւ ստիպեց, որ արմատական փոփոխութիւններ կատարենք մեր առօրեային, աշխատելաձեւին, նիստ ու կացին, ընկերային յարաբերութիւններուն եւ նոյնիսկ մեր հաւատքի կիրարկման հարազատ ձեւին մէջ: Եւ հետզհետէ, կարծես «վարժուեցանք» կացութեան եւ այդ բռնազբօսիկ «վարժութեան» փորձեցինք տալ բանական հիմնաւորումներ, որպէսզի կարենանք կարելի եղածին չափ առողջ հոգեվիճակով մը ընդունիլ անընդունելի՛ն, բա՛րդը, երբեմն նոյնիսկ սարսափեցնողը:

Յարութեան տօնին, յուզմունքով եւ քիչ մըն ալ մելամաղձոտութեամբ հետեւեցանք Անթիլիասէն սփռուող հայրապետական պատարագին եւ բաժնեցինք վեհափառ հօր արցունքները` աղօթելով եւ յուսալով, որ յառաջիկայի արարողութիւնները կատարուին հաւատացեալներու ֆիզիքական ներկայութեան եւ անոնց գործօն մասնակցութեամբ:

Եւ այսպէս, կիրակի, 7 յունիս 2020-ին, մեր եկեղեցիները վերաբացին իրենց ֆիզիքական դռները` զգուշաւորական բոլոր նախապայմանները ամբողջացնելով եւ մեր աղօթքներու իրականացման շօշափելի ապացոյցը ընծայելով մեր բոլորին:

Հաւատացեալներու ներկայութեամբ նոյնիսկ, պատկերը նոյնքան յուզիչ էր Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ: Թէեւ ֆիզիքական կաշկանդումները ակներեւ էին, բայց դիմակները, չափազանց զգուշութիւնը, հեռաւորութիւնները, ծէսին մէջ կատարուած կարգ մը փոփոխութիւնները, այլ խօսքով` ընդհանուր լարուած մթնոլորտը երբեք պատճառ չհանդիսացան, որ ներկաները չըմբոշխնեն հոգեպարար եւ անկեղծ աղօթքները, պատարագիչին հնչեղ ձայնը, դպիրներու ջինջ երգեցողութիւնը եւ վեհափառ հայրապետին թելադրական եւ գօտեպնդող պատգամը: Անսասան հաւատք եւ խիզախ յոյս ներշնչող խօսքերը, զորս ամենայն հոգածութեամբ եւ առարկայական մօտեցումով արտասանեց վեհափառ հայրապետը, խթանեցին իւրաքանչիւրս եւ անդրանցան բոլոր խոչընդոտները, ժամանակաւոր կաշկանդումներն ու մտահոգութիւնները: Իր պատգամով եւ անոր ընդմէջէն, վեհափառ հայրապետը մեր մտահորիզոններուն դիմաց պարզեց քրիստոնէական հաւատքի ամրութիւնն ու երկնային ճշմարտութիւններու անժամանցելիութիւնը: Այսպէս, եկեղեցին մեզի ներկայացաւ իր ծառայութեամբ եւ գործնական դերակատարութեամբ, ամրապնդուեցաւ մեր հաւատքը, վերակենդանացաւ մեր յոյսը եւ փարատեցաւ ապագայի հանդէպ մեր ունեցած անձկութիւնը:

Անթիլիասը անգամ մը եւս սփռեց անխորտակելի հաւատք  եւ անմեռ յոյս, բացաւ յոյսի եւ լոյսի դռները եւ եկաւ կրկին անգամ հաստատելու, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը այն աշխարհն է, որ մեզի կու տայ արե՛ւ, ինքնութեան հարազատ ճանաչողութիւն եւ կեանքի իմաստաւորումի առանցք:

Անթիլիասի մայրավանքի գոց թէ բաց դռները այն մեկնակէտն են եւ ապահով ճանապարհը, ուր ձմեռները կը փախչին, ծառերը տերեւներ կը հագնին եւ քաղցրիկ օրերը կը վերադառնան:

Եւ այս բոլորին համար` փա՛ռք Աստուծոյ: