Մենետեզ Հետաքննութիւն Կը Պահանջէ Ատրպէյճանին Տրամադրուող Մեծագումար Ռազմական Աջակցութեան Գծով

Աշխարհ, Սփիւռք

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ վերջին երեք տարիներուն, Միացեալ Նահանգներու կողմէ Ատրպէյճանին տրամադրուած առաւել քան 120 միլիոն տոլարի ռազմական նպաստներով մտահոգուած՝ ծերակուտական Պապ Մենետեզ կառավարութեան հաշուետուութեան գրասնեակին դիմած է՝ անյապաղ հետաքննութիւն մը պահանջելով։

Այս հետաքննութեան զեկուցումը պիտի տրամադրուի Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին։

Մենենտեզ կը շեշտէ, թէ ռազմական նման մեծածաւալ յատկացումներ կրնան խախտումներ ըլլալ Ատրպէյճանին ռազմական աջակցութեան տրամադրումը սահմանափակած եւ 1992ին վաւերացուած թիւ 907 յաւելուածին, որ պատժամիջոց մըն է՝ Հայաստանի եւ Արցախի դէմ Պաքուի բռնարաքներուն պատճառաւ։

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը, որ Ատրպէյճանին ռազմական աջակցութեան տրամադրումին դէմ համացանցային արշաւ մը սկսած է՝ anca.org/alert կայքէջին միջոցաւ, շնորհակալութիւն յայտնեց Մենետեզին այս քայլին համար։

Նամակը կարելի է կարդալ http://anca.org/assets/pdf/060320_Menendez_GAO_Letter.pdf կայքէջին վրայ։