Հողին Յանձնուեցաւ Նուիրեալ Գաղափարական Գրիգոր Թովմասեան

Uncategorized

Երկարատեւ հիւանդութենէ ետք, այսօր Գամիշլիի մէջ հողին յանձնուեցաւ՝ նուիրեալ գաղափարական Գրիգոր Թովմասեան։

Հայկական ոգիով շաղախուած ու հասակ առած Գրիգոր Թովմասեան, զինք ճանչցողներուն յիշողութեան մէջ պիտի մնայ՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան գաղափարախօսութեամբ եւ գործունէութեամբ ապրող ու տագնապող կերպար: Ան զինք նախորդող, երբեմն նաեւ զինք յաջորդող, դաշնակցական մտաւորականներու եւ ղեկավարներու խօսքերուն ու գործերուն մէջ միշտ կը գտնէր ուսանելի ու սորվելիք դասեր, զորս իր փայլուն յիշողութեան շնորհիւ յաճախ բառացիօրէն կը մէջբերէր ու կը վկայակոչէր իբրեւ ուղեցոյց:

Ճէզիրէի հայութեան իր ժամանակի փաստացի դաշնակցական ղեկավար ու բարերար Ներսէս Թովմասեանի որդի Գրիգորը, անշահախնդիր ծառայութեան դասը քաղած էր նաեւ իր հօրմէն, որուն հաւատարիմ մնաց մինչեւ վերջ:

Հանգչիր խաղաղութեամբ՝ հաւատարիմ հայ եւ նուիրեալ գաղափարական Գրիգոր Թովմասեան։