Այսօրուընէ Կը Դադրեցուի Անձնագրային եւ Վիզաներու Վարչութեան Ու ՃՈ Հաշուառման-քննական Ստորաբաժանումներու Գործունէութիւնը

Այլեւայլ, Հայաստան

Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ նոր «քորոնա» ժահր համավարակի հետեւանքով յառաջացած արտակարգ իրավիճակէն մեկնելով՝ ՀՀ ոստիկանութիւնը այսօրուընէ՝ Յունիս 3, մինչեւ Յունիս 15, կը դադրեցնէ անձնագրային եւ վիզաներու վարչութեան ու ենթակայ տարածքային, ինչպէս եւ ճանապարհային ոստիկանութեան հաշուառման-քննական ստորաբաժանումներու, քաղաքացիներուն սպասարկող ծառայութիւններու գործունէութիւնը։

«Կը հայցենք մեր քաղաքացիներուն ներողամտութիւնը։ Այս սահմանափակումներուն նպատակը բացառապէս մեր քաղաքացիներու առողջութեան պահպանումն է»,- նշուած է Ոստիկանութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ։