Դիլիջանի Քաղաքային Այգին Բարեկարգուած է

Այլեւայլ, Հայաստան

Դիլիջանի քաղաքային այգին բարեկարգուած եւ վերափոխուած է:

Այգիին բարեկարգման աշխատանքները ընթացած են քանի մը փուլով «Հայաստանի զարգացման նախաձեռնութիւններ» (IDeA) հիմնադրամի «Զբօսաշրջութեան եւ քաղաքային զարգացման» (ТURBO) հարթակին կողմէ` Դիլիջանի քաղաքապետարանի եւ Տաւուշի մարզպետարանի հետ համագործակցութեամբ:

 Նախագիծին երկրորդ փուլը իրականցուած է 2020 թուականին:

 Այգիին պաշտօնական բացումը տեղի կ՛ունենայ, երբ Հայաստանի մէջ «Քորոնա» համաճարակի տարածման հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակը բարելաւուի եւ կայունանայ:

Զբօսայգիին մէջ բացուած է նաեւ VereV պարանայգին, որ պիտի դառնայ ընկերային ձեռներէցութեան նոր օրիանկ Դիլիջանի մէջ` պահպանելով հանրային կանաչ տարածքները եւ ստեղծելով նոր միջավայր աշխոյժ մարզաձեւերու եւ “էքօ” զբօսաշրջութեան սիրահարներու համար: Անիկա խթան պիտի հանդիսանայ նաեւ առողջ ապրելակերպն ու տարբեր մարզաձեւերու նկատմամբ հետաքրքրութիւնը:

Այգիի տարածքին ամբողջութեամբ պահպանուած են եւ վերամշակուած կանաչ տարածքները, կառուցուած է պասքեթպոլի խաղադաշտ եւ  համայնքային տարբեր ձեռնարկներու համար բացօթեայ թատրոն, յատկացուած է նաեւ սեղանի թենիսի համար տարածք: