Յարգանքի Տուրք՝ Սարդարապատի Ճակատամարտի Հերոսներու Յիշատակին

Հայաստան

Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան բարձրագոյն ղեկավարութիւնը եւ հոգեւոր դասը Սարդարապատի մէջ յարգանքի տուրք մատուցեցին Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւնը կերտած հերոսներուն յիշատակին: Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան տօնին եւ 1918-ի մայիսեան հերոսամարտին նուիրուած պաշտօնական արարողութեան մասնակցեցան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ․ն եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան:

Պետական այրերը նախ ծաղկեպսակներ զետեղեցին Սարդարապատի յուշահամալիրի մօտ, ապա յարգանքի տուրքի մատուցման արարողութիւնը ուղեկցուեցաւ Տէրունական աղօթքով:

«Քորոնա» ժահրի համավարակին պատճառով, այս տարի Մայիս 28-ին արգիլուած է քաղաքացիներուն մուտքը Սարդարապատի յուշահամալի։