Քաղաթաղի Որոտան Գիւղին Մէջ Նոր Մանկապարտէզ Կը Կառուցուի

Հայաստան

Արցախի կառավարութեան ֆինանսաւորմամբ Քաշաթաղի շրջանի Որոտան գիւղին մէջ կը կառուցուի նոր մանկապարտէզի երկյարկանի շէնքը:

Ըստ «Արցախփրես»-ի, այս մասին յայտնած է գիւղապետ Վրոյր  Ասրեան` նշելով, որ շինարարական աշխատանքները սկսած են 2019 թուականի աշնան: 

«Շէնքը պիտի ըլլայ ժամանակակից չափանիշներուն համապատասխան: Նախակրթարանին բակը  նախատեսուած է կառուցել խաղահրապարակներ, որոնք պիտի ունենան նաեւ կանաչ տարածք: Մանկապարտէզը նախատեսուած է 100 երեխայի համար: Որոտանի մէջ նոր մանկապարտէզ ունենալը  պիտի թեթեւցնէ ծնողներուն հոգերը, ինչպէս նաեւ հետաքրքրական ու բարեկեցիկ պիտի դառնայ երեխաներուն առօրեան: Նախակրթարանը նաեւ նոր աշխատատեղեր պիտի ապահովէ համայնքին համար: Ի դէպ, համայնքին մէջ նախադպրոցական տարիքի 120 երեխայ կայ»,-մասնաւորապէս ըսած է Ասրեան: