ՄԻԵԴ-ի Որոշումը Ատրպէյճանի Հայատեաց Քաղաքականութեան Դէմ Կայացուած Դատավճիռ է․ ՀՀ ԱԳՆ

Աշխարհ, Հայաստան

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութիւն տարածած է ՀՀ «Մակուչեանը եւ Մինասեանը ընդդէմ Ատրպէյճանի եւ Հունգարիոյ» ՄԻԵԴ-ի վճիռին վերաբերեալ, որ կ՝առնչուի Ատրպէյճանի կողմէ հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանը դաժան սպանութեան ենթարկած Ռամիլ Սաֆարովի ազատ արձակման եւ հերոսացման։ ՀՀ ԱԳՆ յայտարարութիւնը ԵՌԱԳՈՅՆ-ի կողմէ Արեւմտահայերէնի վերածուած.

«Մայիս 26-ին, Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին կողմէ հրապարակուեցաւ «Մակուչեանը եւ Մինասեանը ընդդէմ Ատրպէյճանի եւ Հունգարիոյ» գործով վճիռը, որ կ՝առնչուի Ատրպէյճանի կողմէ հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանը դաժան սպանութեան ենթարկած Ռամիլ Սաֆարովի ազատ արձակման եւ հերոսացման:

2004-ին, Պուտափեշտի մէջ ՆԱԹՕ-ի ծիրէն ներս իրականացուած «Գործընկերութիւն յանուն խաղաղութեան» ծրագիրին ծիրէն ներս, դասընթացներուն Ատրպէյճանի կողմէ մասնակցող սպայ Ռամիլ Սաֆարովը քնացած վիճակին մէջ կացինահարած էր հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանը եւ յարձակում գործած հայ սպայ Հայկ Մակուչեանի վրայ: Հունգարական դատարանին կողմէ ցմահ ազատազրկման դատապարտուած Ռամիլ Սաֆարովը, Ատրպէյճան փոխանցուելէն ետք, ուր յանցագործը պէտք է կրէր պատիժին յետագայ ժամկէտը, արժանացած է ներման եւ հերոսացած: Այս առումով, դատավճիռին մէջ, մասնաւորապէս, արձանագրուած է՝ «Դատարանը առանձնապէս ցնցուած է այն փաստով, որ ի լրումն Ատրպէյճան վերադառնալուն պէս ազատ արձակման՝ Ռամիլ Սաֆարովին շնորհուած են շարք մը արտօնութիւններ, ինչպէս՝ բանտին մէջ անցուցած ժամանակահատուածին համար աշխատավարձի փոխհատուցում, Պաքուի մէջ բնակարանի տրամադրում եւ ռազմական կոչման բարձրացում, որ իրականացուեցաւ հրապարակային արարողութեամբ»:

Դատարանը արձանագրեց, որ Ատրպէյճանը խախտած է Մարդու իրաւունքներու եւրոպական համաձայնագրի 2-րդ (կեանքի իրաւունք) եւ 14-րդ (խտրականութեան բացառում) յօդուածներով նախատեսուած պարտաւորութիւնները:

Յատկանշական է, որ դատավճիռը մատնանշած է՝ այդ յօդուածներուն խախտումը կրած է փոխկապակցուած բնոյթ, որ կ՝արձանագրէ, որ Ատրպէյճանի բարձրագոյն ղեկավարութեան կողմէ ատելութեան հողի վրայ իրականացուած դաժան յանցագործութեան համար դատապարտուած Ռամիլ Սաֆարովի անպատժելիութիւնը եւ հերոսացումը կատարուած է զոհերու ազգային պատկանելութեան հիմքով:

ՄԻԵԴ-ի այս որոշումը Ատրպէյճանի հայատեաց քաղաքականութեան դէմ կայացուած դատավճիռ է: Անիկա ո՛չ միայն կը ճանչնայ, այլեւ անընդունելի կ՝որակէ Ատրպէյճանի կողմէ պետական մակարդակով հայերու հանդէպ ատելութեան հողի վրայ գործած յանցագործութիւններուն խրախուսումը:

Դատավճիռը կը սահմանէ Ատրպէյճանի հանդէպ իրաւական պարտաւորութիւն՝ իրականացնելու այնպիսի գործողութիւններ, որոնցմով հնարաւոր պիտի ըլլար դադրեցնել Մարդու իրաւունքներու եւրոպական համաձայնագրի այս խախտումները եւ հասցէագրել անոնց հետեւանքները»:

Յիշեցնենք, որ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը Մայիս 26-ին վճիռ հրապարակած էր Պուտափեշտի մէջ ատրպէյճանցի Ռամիլ Սաֆարովի կողմէն քնացած ժամանակ կացինահարուած ՀՀ զինուած ուժերու սպայ Գուրգէն Մարգարեանի ընկերոջ՝ Հայկ Մակուչեանի եւ հարազատներու ընդդէմ Ատրպէյճանի եւ Հունգարիոյ հայցերուն առնչութեամբ։