Youtube-ը Հեռացուցած է Թուրքիոյ Քաղաքացի Հրէայ Գործարարի՝ Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Ատելութեան Խօսք Ընդգրկող Տեսանիւթը

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

YouTube-ի վարչակազմը հեռացուցած է Թուրքիոյ քաղաքացի հրէայ գործարար Տողան Քասատոլուի տեսանիւթը, որ ատելութեան խօսք կ՝ընդգրկէր Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Ermenihaber.am-էն։ 

Նշենք, որ անցեալ տարի Քասատոլուն թրքական Akit TV-ի «Կը բացուի օրը» ծրագիրի հաղորդավար Եուսուֆ Օզան Տէմիրի հարցին պատասխանելով՝ հետեւեալ կերպով արտայայտուած էր Հայոց Ցեղասպանութեան մասին․

«Հայոց Ցեղասպանութեան պնդումները դարի զրպարտութիւնն են եւ Թուրքիան այդ զրպարտանքին դէմ չի կրնար հարկ եղածին պէս պայքարիլ»։ 

Հեռուստաընկերութիւնը բողոքարկած է YouTube-ի որոշումը՝ նշելով, որ տեսանիւթի հեռացման որոշումը դէմ է Թուրքիոյ Հանրապետութեան Սահմանադրութեան, ՄԻԵԴ-ի դրոյթներուն, ինչպէս նաեւ օրէնքներուն եւ ընթացակարգերուն։ Հեռուստաընկերութիւնը պնդած է, որ տեսանիւթը ատելութեան խօսք չ՝ընդգրկեր։ 

Թրքական լրատուամիջոցը յիշեցուցած է, որ նախապէս YouTube-ի վարչակազմը՝ մասնաւորապէս իսլամ երկիրներու նկատմամբ ունեցած իր դիրքորոշման պատճառով՝ հեռացուցած էր քանի մը տեսանիւթ եւս։

Ինչ կը վերաբերի Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ ստայօդ տեսանիւթի հեռացման, լրատուամիջոցը կը պնդէ, որ ատիկա հայկական սփիւռքի գործն է, որ մէկ անգամ եւս ցոյց կու տայ, թէ որքան ազդեցիկ եւ ուժեղ է ԱՄՆ-ի մէջ։