Սարօ Մարտիրեան Ընտրուած է Ֆրանսայի Ալֆորւիլ Քաղաքի Փոխքաղաքապետ

Սփիւռք

Սարօ Մարտիրեան Մայիս 24-ին ընտրուած է Ֆրանսայի հայաշատ Ալֆորւիլ քաղաքի փոխքաղաքապետ: «Եռագոյն»-ը այս մասին կը տեղեկանայ Masispost-էն:

«41 տարի առաջ այս քաղաքը հիւրընկալեց իմ ընտանիքը եւ թոյլ տուաւ ինծի դառնալու այն, ինչ որ եմ այսօր: Այժմ իմ հերթն է` վերադարձնելու այն, ինչ տուած է Ալֆորւիլը, նուիրուածութեամբ, անձնազոհութեամբ եւ խոնարհութեամբ ծառայելու քաղաքին»,-ըսած է  Մարտիրեան։

Ան ընտրութեան առիթով ուղղած իր ատգամին մէջ շնորհակալութիւն յայտնած է նաեւ իր ծնողներուն, որոնք լքած են Թուրքիան` առաջարկելու իրեն արժանի ապագայ այն երկրին մէջ, որ կը յարգէր իր հայկական ինքնութիւնը:

«Վերջապէս, ես կը ցանկամ հպարտութեամբ յայտնել Ֆրանսայի եռագոյն վզնոցը կրելու համար, շատ հայ մարդոց նման մենք ընդունեցինք այն ֆրանսական արժէքները, պատմութիւնը եւ մշակոյթը, որոնք համահունչ են մեր հայկական ինքնութեան: Ինչպէս կը սիրէ ըսել մեր սիրելի Շառլ Ազնաւուրը` 100% ֆրանսացի, 100% հայ”,-ըսած է նորընտիր փոխքաղաքապետը:

Արցախի Բերձոր եւ Ֆրանսայի Ալֆորւիլ քաղաքներու միջեւ 2018-ին վերաստորագրուած է Բարեկամութեան հռչակագիր: