Գանատայի եւ ԱՄՆ-ի Արեւելեան եւ Արեւմտեան Շրջաններու ՀՅԴ Երիտասարդական Միութիւնները Միասնաբար Պիտի Նշեն Մայիս 28-ի 102-ամեակը

Սփիւռք

Հինգշաբթի, 28 Մայիս 2020-ին, Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան 102-ամեակին առթիւ, ՀՅԴ Գանատայի եւ ԱՄՆ-ի Արեւելեան եւ Արեւմտեան շրջաններու երիտասարդական միութիւնները, միասնաբար պիտի կազմակերպեն առցանց  յայտագիր մը, որ ուղղակիօրէն պիտի սփռուի ընկերային ցանցերու միջոցաւ։

Յայտագիրի ընթացքին, տարբեր շրջաններու երիտասարդական միութիւնները պիտի փոխանցեն իրենց պատգամները, որոնց պիտի յաջորդեն միութեանց անդամներու եւ հանրածանօթ մշակութային գործիչներու գեղարուեստական ելոյթները։

Յայտագիրը պիտի սփռուի երեկոյեան ժամը 9:00-ին (EDT) եւ ժամը 6:00-ին (PST), իւրաքանչիւր միութեան Facebook-ի եւ YouTube-ի պաշտօնական էջերէն։

Մայիսեան փառապանծ յաղթանակը կը նկատուի հայ ժողովուրդի ժամանակակից պատմութեան կարեւորագոյն եղելութիւններէն մէկը։ Առանց Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան անկախացման, անհնարին պիտի ըլլար նուաճել վերանկախացումը, Արցախի ազատագրումը եւ բազմաթիւ այլ յաղթանակներ։ Աւելի քան վեց հարիւր տարուան օտար լուծէ փրկուելով, մեր ժողովուրդը, ՀՅ Դաշնակցութեան առաջնորդութեամբ կերտեց ազատ ու անկախ հայրենիք։ Մեր պարտականութիւնն է, որպէս դաշնակցական երիտասարդութիւն պաշպան կանգնիլ մեր դարաւոր յաղթանակներուն եւ մեր վճռակամութեամբ սատար հանդիսանալ մեր ժողովուրդի յառաջիկայ նուաճումներուն։