Դիմակ Չունեցողները Պիտի Տուգանուին 10 Հազար Դրամով

Հայաստան

“Եռագոյն”,- ՀՀ Ազգային ժողովը այսօր առաջին ընթերցմամբ ընդունեց բաց տարածքներու մէջ քաղաքացիներու մօտ դիմակի առկայութեան պահանջի խախտման համար սահմանել 10 հազար դրամ տուգանք։

Ներկայիս վարչական իրաւախախտումներու վերաբերեալ օրէնսգիրքին մէջ տուգանքը 100 000-էն 250 000 դրամ է: Ըստ օրէնքին՝ Բաց տարածքներու մէջ դիմակ կրելը պարտադիր չէ, այլ պարտադիր է անձին մօտ անոր առկայութիւնը։

ՀՀ արդարադատութեան նախարարի տեղակալ Վահէ Դանիէլեան նշած է, որ սպասարկման այն փակ տարածքներուն մէջ, ուր քաղաքացիները դիմակ չեն կրեր, պիտի տուգանուին տնտեսավարողները: