Ռազմարդիւնաբերութիւնը Պէտք Է Մեր Տնտեսութեան Քարշակող Ուժերէն Մէկը Ըլլայ․ Վարչապետ Փաշինեան

Հայաստան

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ, 14 Մայիսին տեղի ունեցաւ խորհրդակցութիւն մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան ռազմական կարիքներու համար պետական պատուէրի ձեւաւորման վերաբերող հարցեր: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ին կը յայտնեն ՀՀ կառավարութեան տեղեկատուական գրասենեակէն։

Խորհրդակցութեան մասնակցեցան Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարը, վարչապետի աշխատակազմի ղեկավարը, ուժային կառոյցներու ու բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան նախարարութեան ղեկավարները:

«Մեր կառավարութեան ծրագրին մէջ արձանագրուած է, եւ ատիկա մեր քաղաքական կարեւոր տեսլականներէն է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ռազմարդիւնաբերական համալիրը պէտք է ըլլայ մեր տնտեսութեան քարշակող ուժերէն մէկը, աւելի ճիշդ՝ առաջատար ոոլորտներէն մէկը: Այդ պատճառով նաեւ մենք կառավարութեան կառուցուածքին մէջ
իրականացուցած ենք որոշակի փոփոխութիւններ՝ ռազմարդիւնաբերական համալիրը տեղափոխելով Բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան նախարարութեան համակարգ:

«Եւ շատ կարեւոր է արձանագրել, այս ընթացքին ես անձամբ համոզուած եմ, որ այս խնդրի լուծման համար մտաւոր եւ գիտական, մասնագիտական ներուժ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ կայ: Եւ հիմա այդ ներուժի իրացման համար երկու կարեւոր բաղկացուցիչ մենք պէտք է կարենանք պատշաճ մակարդակով ապահովել: Առաջինը կամ թուարկման հերթականութիւնը հաւանաբար պատեհ չէ այստեղ, որովհետեւ, ըստ էութեան, զուգահեռ պէտք է տեղի ունենան այդ երկուքը. խօսքը արտադրական հզօրութիւններու եւ արտահանման ենթակառուցուածքներու ձեւաւորման մասին է:

«Ի հարկէ, ասիկա երկարաժամկէտ եւ ռազմավարական քննարկման խնդիր է: Այս փուլին մեզի համար կարեւոր է, որ կարենանք մեր ներքին ռազմական կարիքներու պետական պատուէրի ձեւաւորման եւ տեղադրման ընթացքին ճիշդ եւ արդիւնաւէտ որոշումներու գալ, որպէսզի միեւնոյն ժամանակ լուծենք երկու խնդիր. նախ՝ առաջինը խթանենք ռազմարդիւնաբերական համալիրը, ռազմական արդիւնաբերութեան զարգացումը Հայաստանի մէջ եւ միւս կողմէն՝ պատշաճ կերպով կարենանք ապահովել անվտանգութեան մեր ընթացիկ խնդիրները», յայտնեց Փաշինեան։