Մայիս 18-էն Հանրային Փոխադրամիջոցնները Պիտի Սկսին Աշխատելու

Հայաստան

ՀՀ փոխվարչապետ, պարէտ Տիգրան Աւինեան Մայիս 14-ին տեղի ունեցած Ազգային Ժողովի արտահերթ նիստի ժամանակ յայտնեց, որ Մայիս 18-էն սկսեալ հանրային փոխադրամիջոցները պիտի սկսին բանիլ:

«Պիտի վերաբացուին առեւտուրի իրականացման վայրերը, հանրային սնունդի տեղերը պիտի կարենան ծառայութիւն մատուցել նաեւ փակ տարածքներու մէջ:

Պիտի գործեն մարզասրահները, բացօթեայ պատմամշակութային վայրերը, պիտի վերաբացուին նաեւ նախակրթարանները»,- ըսաւ Աւինեան:

 Ան աւելցուց, որ այժմ կը ճշդուին յառաջիկայ երկու շաբաթուան մարտավարական քայլերը:

Հանրային փոխադրամիջոցներու հետ կապուած՝ ըստ Պարետի որոշումին, կան որոշ կանոններ․

Պիտի արգիլուի հանրակառքերուն մէջ կանգնած ուղեւորներու փոխադրումը, բացի 9 մեթրէն աւելի երկարութիւն ունեցող հանրակառքերը, որոնց մէջ կանգնած ուղեւորներուն միջեւ պիտի պահպանուի առնուազն 1 մեթր հեռաւորութիւն: 

Հանրակառքերը պիտի ախտահանուին օրական նուազագոյնը 2 անգամ, որմէ մէկը` պարտադիր նախաուղերթի ժամանակ: 

Հանրակառք նստելու համար պարտադիր է կրել անհատական պաշտպանութեան միջոցներ` դիմակ եւ ձեռնոց: 

Հանրակառք մտնելէն ետք ուղեւորները պարտադիր պիտի ախտահանեն ձեռքերը ալքոհոլային հիմքով ախտահանիչ միջոցներով:

Ուղեւորները անհրաժեշտ է ունենան մանրադրամ ուղեւորավարձի չափով` հնարաւորին չափ բացառելով մանր վերադարձնելու անհրաժեշտութիւնը:

Թաքսիի մէջ վարորդին կողքին ուղեւոր կարելի չէ նստի: