Պետութեան Գլխաւոր Նպատակներէն է, որ Ամէն Մէկը Հնարաւորութիւն Ունենայ Արարելու Սեփական Հողի Վրայ. Արցախի Նախագահին Ուղերձը

Հայաստան

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, Մայիս 1-ին, շնորհաւորական ուղերձ յղած է Աշխատաւորներու համերաշխութեան միջազգային օրուան առիթով: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ին կը յայտնեն Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատւութեան գլխաւոր վարչութենէն։

Ուղերձին մէջ նշուած է․

«Սիրելի՛ հայրենակիցներ,

Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն եւ անձամբ իմ անունով ի սրտէ կը շնորհաւորեմ ձեզ Մայիսի 1-ի` աշխատաւորներու համերաշխութեան միջազգային օրուան առիթով:

Աշխատաւորներու իրաւունքներու եւ շահերու պաշտպանութիւնը միշտ եղած է մեր պետութեան յատուկ ուշադրութեան առարկան: Իսկ ներկայ պայմաններուն մէջ, երբ ամբողջ աշխարհի մէջ, նաեւ՝ մեր երկրի, նոր «քորոնա» ժահրի տարածման կանխարգիլման նպատակով կ՝իրականացուին խիստ քայլեր ու սահմանափակումներ, անիկա աւելի կարեւորութիւն կը ստանայ: Մեր բոլոր գործողութիւնները միտուած են անոր, որպէսզի ստեղծուած իրավիճակին մէջ հնարաւորինս պաշտպանենք մեր քաղաքացիները, պահպանելով մարդոց առողջութիւնը, կարենանք ապահովել բարենպաստ ու անվտանգ աշխատանքային պայմաններ անոնց համար:

Պետութեան գլխաւոր նպատակներէն եղած է եւ կը մնայ այն, որ ամէն մէկը հնարաւորութիւն ունենայ աշխատելու ու արարելու սեփական հողի վրայ, ստեղծելու նիւթական, մշակութային եւ հոգեւոր արժէքներ՝ ատով իսկ նպաստելով ինչպէս իր եւ իր ընտանիքի բարեկեցութեան ու բարօրութեան ապահովման, այնպէս ալ մեր հայրենիքի զարգացման ու զօրացման:

Թանկագի՛ն բարեկամներ,

մէկ անգամ եւս կը շնորհաւորեմ բոլորդ եւ կը մաղթեմ խաղաղ ու ստեղծարար աշխատանք»: