Լէոնիդ Ենգիբարեանի Անուան Պուրակ Եւ Մահաթմա Կանտիի Արձան` Երեւանի Մէջ

Այլեւայլ, Հայաստան

Երեւանի աւագանիի
28 Ապրիլի նիստին՝ 44 կողմ, 0 դէմ եւ 2 ձեռնպահ ձայներով որոշուեցաւ մայրաքաղաքին մէջ ժողովրդական արուեստագէտ, կրկէսի հայ դերասան, մնջկատակ, ծաղրածու, գրող եւ թատերական բեմադրիչ Լէոնիդ Ենգիբարեանի պուրակ անուանակոչել: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը տեղեկացաւ Civilnet.am-էն։

Կեդրոն վարչական շրջանի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եւ Ագաթանգեղոս փողոցներու խաչմերուկի անկիւնային հատուածի` Երեւանի կրկէսին յարակից պուրակը պիտի կրէ «Լէոնիդ Ենգիբարեանի անուան պուրակ» անուանումը:

Նոյն նիստին ընթացքին, 43 թեր, 0 դէմ, 2 ձեռնպահ ձայներով համաձայնութիւն տրուեցաւ Հալաբեան եւ Մարգարեան փողոցներու միջանկեալ զբօսայգիի տարածքին մէջ հնդիկ քաղաքական գործիչ Մահաթմա Կանտիի արձանը տեղադրելու: