Հայաստանի Գրողներու Միութիւնը Լոյս Ընծայած է «Հողը Կը Խօսի» Ժողովածուն

Այլեւայլ, Հայաստան

Հայոց Ցեղասպանութեան 105-րդ տարելիցին ընդառաջ՝ Հայաստանի գրողներու միութիւնը հրատարակած է «Հողը կը խօսի» ժողովածուն, որուն մէջ ընդգրկուած են եղեռնազոհ գրողներու ստեղծագործութիւնները:

Armenpress.am-ի տեղեկութիւններով՝ գիրքին մէջ ներառուած են Դանիէլ Վարուժանի, Սիամանթոյի, Ռուբէն Սեւակի, Արտաշէս Յարութիւնեանի, Գրիգոր Զոհրապի, Երուխանի, Թլկատենցիի, Գեղամ Բարսեղեանի, Տիգրան Չէօքուրեանի եւ Ռուբէն Զարդարեանի գործերը:

Հայաստանի գրողներու միութեան նախագահ Էդուարդ Միլիտոնեանի խօսքով՝ գիրքը 2015-ին հրատարակուած է չորս լեզուով՝ անգլերէն, ռուսերէն, ֆրանսերէն, գերմաներէն:

Գերմաներէն գիրքը լոյս տեսած է նաեւ Գերմանիոյ մէջ: Գիրքին շնորհանդէսը իրականացած է Մակտեպուրկ քաղաքի Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ, այնուհետեւ անիկա ներկայացուած է Հալլէի քաղաքապետարանին մէջ: Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին չորս լեզուով հրատարակուած գիրքը ցուցադրուած է Մոսկուայի, Վիեննայի, Մայնի Ֆրանքֆուրտի, Սալոնիկի, Ժընեւի, Փարիզի եւ այլ քաղաքներու մէջ:

«Հայոց լեզուով գիրքը նոր հրատարակած ենք: Կ՝աշխատէինք զայն օտար լեզուներով  ներկայացնել՝ միջազգային հանրութեան ծանօթացնելով եղեռնազոհ գրողներու ստեղծագործութիւնները: Այժմ կը մտածենք զայն թարգմանել նաեւ այլ օտար լեզուներով»,- նշած է Միլիտոնեան:

Գիրքը կազմած է Հայաստանի գրողներու միութիւնը, լոյս ընծայած է «Վան Արեան» հրատարակչութիւնը՝ Լէոնիտ Գոգորեանի աջակցութեամբ։

Ծրագրի ղեկավարն ու խմբագիրն է Էդուարդ Միլիտոնեան,
կազմողները ՝ Հերմինէ Նաւասարդեան եւ Տիգրան Գաբոյեան։