Թուրքիոյ Այտըն Նահանգին Մէջ 17-րդ Դարի Հայկական Գերեզմաններ Գտած Են

Աշխարհ, Էրկիր

Թուրքիոյ արեւմտեան Այտըն նահանգի Նազիլլի շրջանին մէջ քաղաքային այգիի կառուցման աշխատանքներու ընթացքին 2 հայկական գերեզման յայտնաբերուած է:

Կը նշուի, որ բանուորները տապանաքարերը յայտնաբերած են հողը փորելու ժամանակ: Անոնք այդ մասին տեղեկացուցած են Այտընի թանգարանի ղեկավարութեան ու Նազիլլիի քաղաքային իշխանութիւններուն, կը փոխանցէ ermenihaber-ը:

Կը հաղորդուի, որ Այտընի թանգարանի տնօրէնն ու տեղակալը տեղւոյն վրայ ուսումնասիրած են գերեզմանաքարերը, որոնց վրայ առկայ է հայերէն գրութիւններ: Ենթադրուած է, որ անոնք կը թուագրուին 17-րդ դարով եւ կը պատկանին Նազիլլի մէջ ապրած հայերու:

Աւելի ուշ տապանաքարերը տեղափոխուած եւ տեղադրուած են շրջանի Սիւմեր կոչուող զբօսայգիին մէջ: