Արցախի Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեանը Նուիրուած Ամենամեայ Երթի Փոխարէն` Մոմավառութիւն

Հայաստան

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան (ՀՅԴ) Արցախի կառոյցի երիտասարդական միութիւնը հաղորդագրութիւն տարածած է, ըստ որուն, Նոր «Քորոնա» ժահրի պատճառով, Հայոց Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերուն նուիրուած ամենամեայ ջահերթի փոխարէն` կը կազմակերպուի իւրայատուկ ձեւով:

Ըստ «Արցախփրես”-ի՝  ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Մերուժան Սուլէյմանեան նշած է, որ այսօր` Ապրիլ 23-ին` ժամը 21:00-ին, արցախահայութիւնը, անջատելով ելեկտրականութիւնը, պատուհաններուն մօտ մոմեր պիտի վառէ` ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերուն:

Անոր խօսքով` աւելի քան տասը տարի ՀՅԴ Արցախի կառոյցի երիտասարդական միութիւնը Ապրիլ 23-ին կը կազմակերպէ ջահերթ, որուն կը մասնակցին մօտ 3000 քաղաքացիներ: Երթը կը չեղարկուի երկրորդ անգամ ըլլալով. առաջինը 2016-ի Ապրիլին էր` քառօրեայ պատերազմի պատճառով:

«Հաշուի առնելով ստեղծուած իրավիճակը, սակայն հաւատարիմ մնալով սկզբունքներուն` մենք` ՀՅԴ անդամներս, սահմանափակ թիւով` 15-20 հոգիով, մեր գրասենեակէն քայլերթով պիտի շարժինք դէպի Ստեփանակերտի յուշահամալիրի մէջ գտնուող Հայոց ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակը յաւերժացնող զանգակատուն-յուշակոթող: Այնտեղ պիտի իրականացնենք մոմավառութիւն, ինչպէս նաեւ կը ձգենք մոմեր, որպէսզի ցանկացողները օգտուին»,- մասնաւորապէս ըսած Սուլէյմանեան:

Տեղեկացնենք, որ Հայոց Ցեղասպանութեան 105-րդ տարելիցի առիթով Ապրիլ 23-ին` ժամը 21:00-ին, եկեղեցիներու զանգերուն տակ Արցախի մէջ տեղի պիտի ունենայ մոմավառութիւն` ի յիշատակ 1.5 միլիոն սրբադասուած նահատակներուն: